Հայ-Թրքական Կապերուն Առնչուող Հատոր Մը` Թուրք Գրող Ալի Պայրամէն
Թուրք գրող Ալի Պայրամի հեղինակած «Արսինէ» վէպը, որ կը պատմէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ աղջկան մը պատմութիւնը, Հայկական հարցին մասին պետական տեսանկիւնէն տարբեր եւ յաջող ստեղծագործութիւն մըն է. այս մասին «Ռատիքալ»-ի մէջ գրած է Այճայ Թիւրքմեն:
«2015-ին` հայ-թրքական խնդիրներու 100-ամեակին, հեղինակը երկու ժողովուրդներուն միջեւ մէկ դար շարունակուող հարցին կը մօտենայ այլ տեսանկիւնէ, որուն շնորհիւ թուրք եւ հայ ընթերցողներու կողմէ մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանայ», աւելցուցած է Թիւրքմեն: Բազմաթիւ կառոյցներու եւ միութիւններու կողմէ այս ստեղծագործութեան հեղինակը ներկայացուած է իբրեւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու:
CATEGORIES Հայ Դատ