Թուրքիոյ Մէջ Հակահայ Համաժողով

1107_joghovՔիլիս նահանգի համալսարանին մէջ, ուրբաթ, նոյեմբեր 7-ին, հերթական հակահայ համաժողով տեղի ունեցաւ` «Հայկական հարցը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ եւ` իրականութիւնը» խորագիրով. այս մասին կը տեղեկացնէ «Հապերլեր» կայքը:

«Եփրատ» համալսարանի փրոֆ. Իպրահիմ Եըլմազչելիք կրկնած է թրքական յայտնի թեզերը` նշելով, թէ հայերը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն դաւաճանած են Օսմանեան կայսրութեան եւ «հարկադրաբար գաղթած են»:

Ըստ անոր, «այժմ հայերը սպաննուած թուրքերու լուսանկարները կը ներկայացնեն իբրեւ սպաննուած հայեր»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )