«Մանկական Եւրատեսիլ – 2014» Մրցումին Հայաստան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

1117_euro15 նոյեմբերին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ – 2014» երաժշտական մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Պեթթին տպաւորիչ եւ խանդավառ կերպով մեկնաբանելով «Արեւի մարդիկ» երգը` գրաւեց երրորդ դիրքը:

Առաջին հանդիսացաւ Իտալիան` 159 կէտով, իսկ երկրորդ` Պուլկարիան` 147 կէտով (Հայաստանէն միայն մէկ կէտ աւելի):

1117_euro1Հակառակ անհանգիստ ըլլալուն, 39 աստիճան ջերմութեան` Պեթթին շատ լաւ կերպով ներկայացուց իր երգը` տարբեր երկիրներէ ստանալով 146 կէտ: Ան 12 կէտ ստացաւ Պիելոռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Մալթայէն, 10 կէտ` Հոլանտայէն, 8 կէտ` Շուէտէն եւ Սլովենիայէն, 7 կէտ` Սան Մարինոյէն, 6 կէտ` Խրուաթիայէն, Կիպրոսէն եւ Սերպիայէն, իսկ երկուքական կէտ` Մոնթենեկրոյէն եւ Իտալիայէն:

«Արեւի մարդիկ» («Փիփըլ աֆ տը սան») երգի պատրաստութեան ընթացքին Պեթթիին օգնած է երգահան Մանէ Յակոբեան, իսկ խօսքերուն հեղինակն է Աւետ Բարսեղեան, գործիքաւորումը կատարած է Մարտին Միրզոյեան:

«Արեւի մարդիկ» երգը ունկնդրելու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքը. http://www.youtube.com/watch?v=u8kcYNMm6W4

Share this Article
CATEGORIES