Լաթվիոյ Մէջ Երկրի Արեւելեան Հատուածին Յօգուտ Ռուսիոյ Միանալու Քարոզչութիւն

1113_Latvia«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Քրասլաւայի երկրամասի տումայի նախագահ Կունարս Ուփենիեքս յայտնած է, որ Լաթվիոյ ռուսամէտ գործիչները երկրին արեւելեան հատուածը յօգուտ Ռուսիոյ միացնելու քարոզարշաւի սկսած են:

«Գործիչները մարդոց տուները կ՛երթան, թռուցիկներ կը բաժնեն եւ կը պատմեն Լաթկալիոյ` Ռուսիոյ միանալու կարելիութիւններուն մասին: Տեղեկութիւնը արագ կը հասնի տումա, սակայն մենք կարելիութիւն չունինք կանգնեցնելու այդ շարժումը», ըսած է ան:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Կունարս Ուփենիեքս յայտնած է, որ սեպտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Թաթիանա Ժտանովի գլխաւորութեամբ «Լաթվիոյ ռուսական միութիւնը»` օգտուելով նախընտրական արշաւի կարելիութիւններէն, Տաուկավփիլս քաղաքին մէջ տարածած է նիւթեր, որոնցմէ կարելի է կռահել, որ շրջանին կը սպասէ Խրիմի ճակատագիրը:

Կուսակցութեան նախընտրական ցուցակի յառաջատար Եուրի Զայցեւ Լաթվիոյ պատկերասփիւռի կայանին յայտարարած է, որ եթէ ներկայիս իշխող կուսակցութիւնները չընդլայնեն ռուսերէնի օգտագործման իրաւունքները եւ չընդունին քաղաքացիութեան զերոյական տարբերակը, տեղւոյն ռուսերը պիտի միանան Ռուսիոյ:

Share this Article
CATEGORIES