Ռուսիա Իրանէն Մինչեւ Ազրպէյճան Երկաթուղի Պիտի Կառուցէ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Տումայի փոխադրամիջոցներու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Եւկենի Մոսքովիչեւ լրագրողներուն յայտնած է, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը մտադիր է կառուցել եւ ելեկտրականացնել Իրանէն դէպի Ազրպէյճան գացող երկաթուղին, իսկ հետագային զայն հասցնել մինչեւ Ռուսիա:
Ըստ անոր, Իրանն ու Ռուսիան փոխադրամիջոցներու մարզին մէջ շարք մը չլուծուած խնդիրներ ունին: Օրինակ, Իրանի մէջ տակաւին ամբողջութեամբ չ՛աշխատիր «Կանաչ քարտես» համակարգը. իրանցի վարորդները Ռուսիոյ մէջ կրնան ինքնաշարժները պարտադիր ապահովագրել մէկ տարիով, իսկ ռուս վարորդները Իրանի մէջ` միայն 15 օրով:
«Իրանի փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը ատիկա կը հասկնայ, եւ այդ հարցը դրական լուծում պիտի ստանայ», ըսած է ան:
Ռուս պաշտօնատարը նշած է, որ վերջին 2-3 տարիներուն փոխադրութեան բոլոր միջոցներով փոխադրումներու ծաւալները աճած են` բացի երկաթուղայինէն:
2013-ին Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ինքնաշարժներով փոխադրումները նախորդ տարուան համեմատ աճած են 39 առ հարիւրով:

