Հրապարակուած Է Ազրպէյճանի Պետական Պարտքի Չափը

1117_Azerbaijan-MOFԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական պարտքը, ընթացիկ տարուան 1 հոկտեմբերի տուեալներով` 6 միլիառ 380,7 միլիոն տոլար է: Արտաքին պարտքի համախառն ներքին արտադրութեան նկատմամբ յարաբերակցութիւնը 89,5 առ հարիւր է:

1 հոկտեմբերի դրութեամբ վարկերու դրամանշային կառուցուածքը այսպէս է. 63,7 առ հարիւրը` տոլարով, 21,7 առ հարիւրը` եւրոյով, 2,2 առ հարիւրը` ճափոնական ենով, 0,5 առ հարիւրը` սէուտական ռէալով, 0,5 առ հարիւրը` էմիրաթական տիրհամով, իսկ 0,2 առ հարիւրը` քուէյթեան տինարով:

Վարկերը հիմնականին մէջ ձեռք բերուած են Համաշխարհային դրամատունէն, Ճափոնական միջազգային համագործակցութեան գործակալութենէն, Ասիական զարգացման դրամատունէն, Իսլամական զարգացման դրամատունէն, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունէն եւ այլ միջազգային ելեւմտական հիմնարկներէ, եւ ուղղուած են տնտեսական բարեփոխումներու, ենթակառոյցներու վերականգնման, ներառեալ` ճանապարհաշինութեան, ջրամատակարարման համակարգի բարեկարգման, երկաթուղային ճամբաներու զարգացման եւ այլ նպատակներով:

Share this Article
CATEGORIES