Փորոշենքօ Չի Վախնար Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Կարելիութենէն

Փիոթըր Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիան պատրաստ է ամէնէն վատ դիպաշարին, ներառեալ` Ռուսիոյ հետ պատերազմին:

«Մենք խաղաղութիւն կը ցանկանք, սակայն, դժբախտաբար, ստիպուած ենք քննարկելու ամէնէն վատ դիպաշարերը», ըսած է Փորոշենքօ:

Բացի ատկէ, Փորոշենքօ նշած է, որ այժմ Ուքրանիա բաւական աշխուժ աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն, եւ երկրին զինուորական պատրաստուածութիւնը աւելի բարձր է, քան հինգ ամիս առաջ:

Share this Article
CATEGORIES