Փութին. «Ռուսիան Խրիմի Մէջ Չէ Խախտած Միջազգային Օրէնքը»

Վլատիմիր Փութին
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Արեւմուտքի արձագանգը, թէ Խրիմը բռնակցումի ենթարկուած է, կը նկատէ «կատարելապէս ոչ պատշաճ»:
«Երբ կը լսենք այն մասին, որ Ռուսիան խախտած է միջազգային օրէնքը, ապա բացի զարմանքէն մօտս ոչինչ կը յառաջանայ: Ոչինչ բացի անկէ. ինչ որ կատարուած է Քոսովոյի մէջ, Խրիմի մէջ չէ կատարուած», նշած է Փութին` մէջբերելով Քոսովոյի նախադէպը:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, Քոսովոյի հարցով Միջազգային դատարանի որոշումին մէջ կայ յստակ կանոն` «ինքնորոշման հարցի որոշման պարագային ժողովուրդը, որ կ՛ապրի որոշակի տարածքի մէջ, պարտաւոր չէ հարցնել իր պետութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն կարծիքը»:
Փութին նշած է, որ ի տարբերութիւն Քոսովոյի, ուր անկախութեան մասին որոշումը տուած է միայն խորհրդարանը, Խրիմի մէջ այդ հարցը որոշուած է հանրաքուէի միջոցով:
Թէեւ Ռուսիոյ նախագահը ընդունած է, որ հանրաքուէի կայացման պահուն Խրիմի մէջ եղած են ռուսական զօրքեր, սակայն ան նշած է, թէ «խորապէս վստահ եմ, որ Ռուսիան միջազգային իրաւունքի ոչ մէկ խախտում թոյլ տուած է»:
«Մեր զինեալ ուժերը արգելափակած են Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը, որոնք տեղակայուած էին Խրիմի մէջ: Սակայն ոչ թէ ստիպելու որեւէ մէկուն երթալ քուէարկութեան, ատիկա անկարելի է, այլ անոր համար, որպէսզի արիւնահեղութիւն չըլլայ, որպէսզի մարդոց կարելիութիւն տրուի արտայայտել իրենց վերաբերմունքը հարցին շուրջ, թէ ինչպէ՛ս իրենք կը ցանկան տեսնել իրենց ապագան եւ իրենց երեխաներուն ապագան», ըսած է Փութին:

