Ծոցի Երկիրներու Արտակարգ Վեհաժողովը Վերջ Կու Տայ Քաթարի Հետ Տարակարծութեան

Վեհաժողովին մասնակցած ղեկավարները
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները Ռիատի մէջ գումարեցին արտակարգ ժողով մը, որմէ բացակայեցաւ Օմանը:
Ղեկավարները անակնկալ որոշումով մը համաձայնեցան Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի դեսպանները վերադարձնել Քաթար` այդպիսով վերջ տալով մարտին սկիզբ առած ճգնաժամին եւ վերահաստատելով Տոհան իբրեւ համագործակցութեան խորհուրդի յաջորդ ժողովի վայր:
Անոնք յայտարարեցին, որ գոյացած է մէկ տարի առաջ Ռիատի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը ամբողջացնող համաձայնութիւն մը, սակայն անոր բովանդակութիւնը չհրապարակեցին:
Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վեհաժողովին ներկայ էին Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա, Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Սուպահ, Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխղեկավար, Տուպայի իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթում:

