Քարաոնի Ամբարտակին Ջուրը Ապականած Է Եւ Հիւանդութիւններ Կը Պատճառէ
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնութեամբ Քարաոնի ամբարտակին ջուրը քննութեան ենթարկելէ ետք ի յայտ եկած է, որ անիկա առողջապահական չափանիշները չ՛ամբողջացներ, ընդհակառակն` հիւանդութիւններ եւ նոյնիսկ քաղցկեղ կը պատճառէ:
Անդրադառնալով այդ իրականութեան` առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր խոստացաւ հետապնդել այդ հարցը` աւելցնելով, որ այդ արդիւնքները յստակ պատասխան կը նկատուին բոլոր անոնց, որոնք իր տարած արշաւին հակադրուած են:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Քարաոնի ջուրին ապականած ըլլալուն իրականութիւնը կը վտանգէ ամբողջ Պեքաայի բնակչութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է անոր համար լուրջ լուծումներ գտնուին:
CATEGORIES Լիբանանեան

