Ժահժահ. «Լիբանանեան Ուժերը Կառչած Պիտի Մնան Խառն Ընտրական Օրինագիծին»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառչած պիտի մնայ խառն ընտրական օրինագիծին` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքի մշակման ենթայանձնախումբին կատարելիք քննարկումները պէտք է արդիւնաբեր ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոր աշխատանքային մէկ ամսուան ժամկէտ ճշդուած է` վաւերացնելու ընտրական օրէնք մը:
Ժահժահ յայտնեց նաեւ, որ լիբանանեան ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ խառն ընտրական օրինագիծը կ՛ապահովէ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:
Միւս կողմէ, Ժահժահ անդրադարձաւ Պթատյիի ոճիրին` շեշտելով, որ այդ դէպքը ցաւալի է եւ անիկա համազօր է ՏԱՀԵՇ-ի գործադրած գլխատումներուն:
Ան շեշտեց, որ այդ ոճիրը քաղաքական պատճառներով չէ կատարուած, այլ` լիբանանեան պետութեան կողմէ Պեքաան անտեսելու եւ լքելու պատճառով:
Ժահժահ երէկ յետմիջօրէին Մեհրապի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ այս ոճիրին հարցով բոլոր յանցագործները պիտի ձերբակալուին, իսկ Տէյր Ահմարի բնակիչները պէտք չէ երկրին ապահովութիւնը խախտեն:
Նշենք, որ շաբաթ առաւօտեան, Պեքաայի Պթատյի գիւղաքաղաքին մէջ բանակին կողմէ գործուած ներխուժումներուն ընթացքին քրիստոնեայ Ֆախրի ընտանիքէն Նատիմա Ֆախրի սպաննուած էր, անոր ամուսինը` Սուպհի Ֆախրի, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր, երէկ առաւօտեան մահացաւ, իսկ անոնց զաւակը տակաւին կը մնայ վիրաւոր:

