Պոկտանով. «Ռուսիա Պատրաստ Է Գործակցելու Հըզպալլայի Հետ` Ի Խնդիր Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան»

Միխայիլ Պոկտանով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով յայտնեց, որ Մոսկուա պատրաստ է գործակցելու Հըզպալլայի հետ` ի խնդիր Լիբանանի եւ շրջանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա Հըզպալլան կը նկատէ քաղաքական ուժ մը, որ Լիբանանի մէջ հիմնական ազդեցութիւն ունի:
Պոկտանով ընդգծեց, որ շրջանին դիմագրաւած ներկայ զգայուն հանգրուանին Ռուսիա քաղաքականօրէն կը զօրակցի Լիբանանին` ընդգծելով Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական ու տնտեսական գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Պոկտանով աւելցուց, որ Մոսկուա անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները կը կատարէ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու համար Սուրիոյ տագնապին լուծման միտող խորհրդաժողով մը` աւելցնելով, որ ըստ Ռուսիոյ, սուրիական տագնապը կարելի է լուծել միայն սուրիական ներքին երկխօսութեամբ:
«Ռուսիա համոզուած չէ, որ իշխանութիւնը սուրիական ընդդիմութեան յանձնելով կարելի պիտի ըլլայ այդ տագնապը լուծել: Ընդհակառակն` պէտք է հաստատել, որ Մոսկուա Դամասկոսի հետ ամուր յարաբերութիւններ ունի», ըսաւ ան:

