Ֆրենժիէ. «Տկար Նախագահ Մը Ընտրելու Փոխարէն Կը Նախընտրենք Նախագահական Աթոռը Թափուր Պահել»

Սլէյման Ֆրենժիէ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ունեցած տեղեկութիւններէն, սակայն իր կարծիքով` Լիբանանի մէջ տիրող այսօրուան պայմանները նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար ձեռնտու պայմաններ չեն:
«Այս ամբողջ հարցին մէջ նորութիւնը այն է, որ Հըզպալլա առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց նախագահական իր թեկնածուին ինքնութիւնը: Շրջանին մէջ հարցերուն լուծումը կը քաջալերէ Լիբանանի մէջ գոյանալիք ներքին համաձայնութիւնը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով», ըսաւ Ֆրենժիէ` ընդգծելով, որ ինք Լիբանանի շահերը անտեսելով արտաքին շահեր չի հետապնդեր:
Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ ինք համաձայն չէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին այն կեցուածքին, որ իրենք արտաքին հրահանգներ կը ստանան եւ անոնց կ՛ենթարկուին:
«Տկար նախագահ մը ընտրելու փոխարէն կը նախընտրենք նախագահական աթոռը թափուր պահել», ըսաւ Սլէյման Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքին կառչած մնալը կ՛երաշխաւորէ քրիստոնեայ հզօր նախագահ մը ունենալու կարելիութիւնը»:
Ֆրենժիէ աւելցուց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելու պատասխանատուն 1990-էն ի վեր այդ պաշտօնին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպն է:
Ան հաստատեց, որ ազգային միասնականութիւնը եւ ապահովութիւնը Լիբանանի մէջ առաջնահերթ են, «իսկ այնքան ատեն որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական թեկնածու է, ապա կը զօրակցիմ անոր թեկնածութեան», ըսաւ ան:
Պատասխանելով իր թեկնածութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ այն պահուն, երբ զօր. Աուն յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը, ինչպէս նաեւ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համաձայն գտնուին իր թեկնածութեան զօրակցութեան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են, իսկ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ իր բարեկամն է, սակայն այս հանգրուանին ինք կը զօրակցի զօր. Աունի թեկնածութեան եւ ապա ինքնիր թեկնածութեան:
Անդրադառնալով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ երկարաձգումը ապառողջ, հակաժողովրդավարական եւ հակաժողովրդային քայլ մըն է, սակայն բոլորը պէտք է նկատի ունենան, որ մենք բնական պայմաններու լոյսին տակ չէ որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած ենք, աւելցնելով, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու չէ:
Մարատայի ղեկավարը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը կը գտնուի արտակարգ եւ պատմական հանգրուանի մը մէջ:
Ան նշեց, որ քաղաքական առումով ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայն չէ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ինք կը զօրակցի Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահերի եւ ՏԱՀԵՇ-ի, այլ` կը զօրակցի չափաւորականութեան: «Պէտք է հասկնալ, որ Հարիրիի հետ ունեցած տարակարծութիւններս քաղաքական են եւ ոչ գոյութենական, եւ Լիբանան այսօր կարիքը ունի չափաւորականութեան», ըսաւ ան:
«Մենք կը վստահինք լիբանանեան բանակին եւ ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին, սակայն ոչ ոք պէտք է լաւատես ըլլայ` հաւատալով, որ հարցերը վերջ գտած են: ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հայեացքը սեւեռած է Թրիփոլիի ու Աքքարի վրայ, եւ մենք պէտք է զգուշ ըլլանք, իսկ բանակը պէտք է իմանայ, որ տակաւին կան քնացած ահաբեկչական բջիջներ, որոնց դէմ պատերազմելու կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ», նշեց Ֆրենժիէ:
Ան հաստատեց, որ Հարիրի ընտանիքը ազգային կեցուածք մը ճշդած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ճակատագրական պայքարին ընթացքին` աւելցնելով, որ ինչպէս ամբողջ Լիբանանի տարածքին, նոյնպէս ալ Զղարթայի մէջ իւրաքանչիւր տուն զինուած է եւ կրնայ ինքզինք պաշտպանել: «Մենք ոչ ոքի կը յանձնենք մեր զէնքը, բայց բանակին նեցուկ կը կանգնինք: Եթէ մեր շրջանները յարձակումի ենթարկուին, ապա մենք պիտի պաշտպանենք այդ շրջանները», շեշտեց Ֆրենժիէ:

