Պըրրի Նախագահեց Ընտրական Օրինագիծը Քննարկող Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբի Նիստին

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ նախագահեց ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ռոպեր Ղանեմ, Ալի Պեզզի, Ալի Ֆայեատ, Ալեն Աուն, Ժորժ Ատուան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Սամի Ժեմայէլ եւ Էմիլ Ռահմէ:
Նիստէն բացակայեցաւ երեսփոխան Մարուան Համատէ` ճամբորդութեան պատճառով:
Նիստէն ետք երեսփոխան Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնած է, թէ անցեալին ենթայանձնախումբը կարգ մը սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է` աւելցնելով, որ համամասնական դրութեան վերաբերեալ գրեթէ բոլոր կողմերը համաձայն գտնուած են, ինչպէս նաեւ ընդգծուած են քաղաքական հաւասարակշռութիւնները պահպանելու եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին պարագային ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու չափանիշները:
Ղանեմ շեշտեց, որ այս սկզբունքներուն պահպանումը վերահաստատուեցաւ եւ որոշուեցաւ յանձնախումբին մէկ ամսուան` մինչեւ տարեսկիզբ ժամկէտ մը ճշդել, այն յոյսով, որ խորհրդարանական այս ենթայանձնախումբը վաւերացնէ ընտրական օրինագիծ մը` յենելով երեսփոխան Ալի Պեզզիի ներկայացուցած 64 – 64 համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն վրայ հիմնուած խառն օրինագիծին վրայ, փորձելով զայն բարեփոխել եւ զարգացնել:
Ղանեմ նշեց, որ եթէ ենթայանձնախումբը չկարենայ յստակ օրինագիծի մը յանգիլ, ապա Պըրրի խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նիստի եւ ներկայացնէ բոլոր օրինագիծերը:
Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը լուրջ աշխատանք կը տանի, հետեւաբար մէկ ամսուան ընթացքին պիտի կարենայ յանգիլ յստակ օրինագիծի մը եւ կամ ընտրական բոլոր օրինագիծերը պիտի փոխանցէ խորհրդարանի լիագումար նիստին:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց երեսփոխան Ալեն Աունը, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ յղուած նամակ մը:
Հանդիպումէն ետք Աուն յայտնեց, որ իր նամակով զօր. Աուն Պըրրիէն պահանջած է խորհրդարանը հրաւիրել նիստի մը` բացատրելու համար սահմանադրութեան թիւ 24-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի հաւասարութեան:
Նշենք, որ Պըրրի նախանցեալ օր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Պեքաայի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրին` շեշտելով, որ ոչ մէկ յանցագործ պաշտպանուած պէտք է զգայ:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առիթով դրական որոշ նշոյլներ շօշափելի են` վերահաստատելով, որ ինք չի փափաքիր այդ մասին բացայայտումներ կատարել:
Պըրրի նաեւ նշեց, որ ինք կը ջանայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ գործել` Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան մը սկսելու նպատակով:

