Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

1117_salam_dubai

Տուպայի օդակայանին մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Վարչապետ Սալամ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի եւ Աշրաֆ Ռիֆի, յետմիջօրէին հասան Տուպայ:

Այցելութեան նպատակն է շեշտել երկկողմանի ամուր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խնդրել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն օժանդակութիւնը, յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան «Կազել» տիպի ուղղաթիռներ տրամադրելու առումով:

Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ անիկա բարդ հարց է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ջանքերը կը շարունակուին եւ քաթարցի բանագնացը ճիգ չի խնայեր:

«Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի հանգստանայ այն ժամանակ միայն, երբ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակուին», ընդգծեց ան:

Վարչապետ Սալամ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Տուպայի լիբանանեան գաղութին ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ լիբանանցիները դժուար կացութիւն կը դիմագրաւեն, սակայն կառչած կը մնան իրենց կամքին ու կորովին:

Ան շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ շրջանին մէջ կը տիրէ ապահովական բարդ կացութիւն: «Լիբանան իր բոլոր համայնքներով կը մերժէ ահաբեկչութիւնը եւ չի կրնար ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր ըլլալ», ըսաւ ան:

Վարչապետը շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները կը զօրակցին բանակին, եւ Լիբանան պիտի մնայ սիրոյ ու հաշտութեան երկիրը:

Անդրադառնալով առեւանգուած լիբանանցի բանակայիններուն թղթածրարին` վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ այդ առումով իրենք Լիբանանի գնով չեն բանակցիր, այլեւ Լիբանանի արժանապատուութիւնը պահպանելու ընդմէջէն բանակայիններուն ազատ արձակումին ի խնդիր կը բանակցին:

Ան ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարիչ շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտը եւ բոլոր  պատասխանատուները, յատկապէս շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետը, որ իր կեանքը նուիրած է իր երկրին:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կատարուած է` մաղթելով, որ Լիբանանի եւ Լա Հէյի մէջ արդարութիւն հաստատուի:

Վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ ընտրական օրէնքի մշակման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը մշակէ արդիական ընտրական օրէնք մը, որ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ:

Share this Article
CATEGORIES