ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ «ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ՇՏԱՊ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՆԵՐԴՐՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ

Միացեալ մամլոյ ասուլիսին պահուն

Երէկ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի եւ Հայաստանի բջիջային մարզի յառաջատար ընկերութեան` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսը` նուիրուած շտապ օգնութեան գործակարգավարական (տիսփեթչըր) համակարգի արդիականացման, որուն առանցքային բաղադրիչներէն մէկը կ՛իրականացուի պետութիւն-սեփական մարզ համագործակցութեան ծիրին մէջ:

Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ գործակարգավարական համակարգի արդիականացման նպատակով 2011-2012 թուականներուն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի տրամադրէ 85 միլիոն դրամի աջակցութիւն` թուային կապի համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ գործակարգավարական ծառայութեան համար անհրաժեշտ թուային ռատիոկապի համակարգի ստեղծման նպատակով: Բացի անկէ, համակարգի անխափան աշխատանքը ապահովելու նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» պիտի տրամադրէ իր` Հայաստանի մէջ ամէնէն ընդարձակ եւ զարգացած 3G/3.5 G ցանցը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի բնակչութեան մատուցուող ծառայութիւններու որակի բարելաւումը` ներառեալ նաեւ առողջապահական մարզին մէջ: Իբրեւ Հայաստանի մէջ երրորդ սերունդի ամէնէն ընդարձակ եւ յուսալի ցանցը ունեցող ընկերութիւն, «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ը պատրաստ է աջակցելու առողջապահական ժամանակակից ծառայութիւններու ներդրման թէ՛ իր կապուղիները տրամադրելով, եւ թէ՛ նորարարական լուծումներով», նշեց Ռալֆ Եիրիկեան:

 

Share this Article
CATEGORIES