ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՔՍԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 22 յուլիսին ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրը, Է. Նալբանդեան բարձր գնահատեց Քարոլայն Քոքսի Հայաստանին եւ Արցախին մնայուն կերպով ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ նշեց, որ պարոնուհիին գործունէութիւնը կը գնահատուի հայ ժողովուրդին կողմէ:
Պարոնուհի Քոքս, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ խօսքերուն համար, նշեց, որ միշտ առանձնայատուկ վերաբերմունք ցուցաբերած է Հայաստանի նկատմամբ` վստահեցելով, որ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` ի նպաստ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարներուն: Այդ ծիրին մէջ պարոնուհի Քոքս կարեւոր նկատեց Է. Նալբանդեանի` անցեալ շաբաթ Լոնտոն կատարած այցելութիւնը, հանդիպումը Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի եւ Եւրոպական հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընի հետ, ելոյթը Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջազգային կեդրոնին մէջ` նշելով, որ ատիկա լաւ կարելիութիւնն էր բրիտանացի մասնագէտներուն համար` ծանօթանալու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան:
Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի միջխորհրդարանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի խնդրանքով Է. Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: