ԵԹԷ ՊԱՔՈՒ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԸ, 15 ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
«Ազրպէյճան կը գիտակցի Թուրքիոյ համար կիպրական հարցին կարեւորութեան, բայց մտահոգ է Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը ճանչնալու հետեւանքներէն, որոնք կրնան ծագիլ ներքին ճակատին վրայ», ըսաւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով` Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
«Թուրքերը թող չկարծեն, որ հարցը նուազ կարեւոր է մեզի համար: Թրքական իշխանութիւնները լաւ կը գիտակցին, որ եթէ Ազրպէյճան ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի անկախ պետութիւնը, 15 այլ պետութիւններ պիտի ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը», մտահոգութիւն յայտնեց Հասանով` աւելցնելով, որ Թուրքիա իրաւունք ունի Ազրպէյճանէն ճանաչում ակնկալելու, սակայն Ղարաբաղի հարցը արգելք կը հանդիսանայ ազրպէյճանցիներուն` ճանչնալու Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Ազրպէյճանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ մինչեւ 2001 ան կը կարծէր, թէ Ղարաբաղի խնդիրը ժամանակի հարց է եւ թէ ժամանակը ի նպաստ Ազրպէյճանին է: «Սակայն այսօր այլ կարծիքի եմ: Ժամանակի ընթացքին խնդիրը խորացած է: Ժամանակը միայն տնտեսական իմաստով ի նպաստ մեզի է, մինչդեռ քաղաքական իմաստով` ի վնաս մեզի», ըսաւ Հասանով:
Ազրպէյճանի վարչապետը եզրակացուց ըսելով, որ Պաքու բանակցելու սիրոյն միայն կը բանակցի Երեւանի հետ, «որպէսզի չըսուի, թէ Ազրպէյճան հակաժողովրդավարական երկիր է»:
Հասանով նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ այցեգիրերու դրութեան վերացման եւ բնական կազի վաճառման: Ան ըսաւ, թէ Ազրպէյճան թեքնիք պատճառներով տակաւին պատրաստ չէ ջնջելու այցեգիրերու դրութիւնը Թուրքիոյ հետ: Ան նաեւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնց հիման վրայ Ազրպէյճան բնական կազի հարցով աւելի բարեացակամ կը գտնուի Ռուսիոյ նկատմամբ, քան Թուրքիոյ` վստահեցնելով, որ Պաքու պատրաստ է Անգարային տալու անոր պահանջած քանակը, սակայն պատրաստ չէ զեղչեր կատարելու: