«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՇԹԵՖԱՆ ՖԻՒԼԷ
Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ ընդլայնել իր ներգրաւուածութիւնը ղարաբաղեան խնդիրին մէջ եւ պատրաստ է անհրաժեշտ նիւթական միջոցները տրամադրելու` լուծման նպաստելու եւ շրջանը վերականգնելու համար:
«Այժմ մենք աւելի եւ աւելի շատ գումարներ կը ներդրենք կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդող նախաձեռնութիւններուն մէջ` ատիկա ըլլայ թէ՛ Մերձտնիեսթրի, թէ՛ Ղարաբաղի մէջ: Սակայն ատիկա միայն առաջին քայլն է: Պրիւքսել կրնայ աւելին ընել, քանի որ այժմ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կարելիութիւնները ընդարձակուած են, իսկ խնդիրը լուծելու ցանկութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` մեծցած», ընդգծեց յանձնակատարը:
Ըստ Ֆիւլէի, Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ շատ աշխուժ դերակատարութիւն ստանձնած է իր դրացնութեամբ այլ տագնապ մը` Մերձտնիեսթրի խնդիրը լուծելու հարցին մէջ, եւ պատրաստ է նոյն քայլերը ձեռնարկելու նաեւ Ղարաբաղի պարագային: Նշենք, որ Մերձտնիեսթրի շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան 5+2 ձեւաչափով, ուր երկուքը` Եւրոպական Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ հանդէս կու գան դէտի կարգավիճակով:
Ընդգծելով, որ Պրիւքսել պատրաստ է ընդարձակելու իր դերակատարութիւնը լուծման հոլովոյթին մէջ, Շ. Ֆիւլէ շեշտեց, որ գործող ձեւաչափին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի փոփոխութեան հարցը շրջանառութեան մէջ չէ: «Չեմ կարծեր, որ մենք հարց ունինք Մինսքի խմբակի այս կամ այն անդամը փոխարինելու հետ: Կը կարծեմ, որ այս հանգրուանին կողմերը եւ Մինսքի խմբակն են, որոնք պէտք է պայմաններ ստեղծեն Եւրոպական Միութեան առաւել մեծ ներգրաւուածութեան համար: Սակայն մեր կողմէ կայ պատրաստակամութիւն, ինչպէս նաեւ կարողութիւններու ընդարձակման կարելիութիւններ», նշեց Ֆիւլէ:
Ըստ անոր, հիմա եւ յառաջիկային Եւրոպական Միութիւնը կրնայ կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդող նախաձեռնութիւններէն բացի էական աջակցութեան ծրար պատրաստել, երբ կողմերը վերջնական համաձայնութեան գան:
Ան յայտնեց, որ աջակցութեան այս ծրարը պիտի ներառէ միջոցառումներ, որոնք պիտի նպաստեն ընկերային եւ տնտեսական զարգացման: Անհրաժեշտութեան պարագային, Եւրոպական Միութիւնը կրնայ վերականգնել նաեւ ենթակառոյցները` որոշակի շրջաններ վերստին միւս երկիրներուն հետ կապելու համար: