ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ. «ՄԵՐ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ՃԻԳ ՉԽՆԱՅԵՑԻՆ ՅԱՋՈՂՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ «ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ» ԲԱՆԱՁԵՒԸ»
Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի Հայ դատի գրասենեակը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին (որուն երկրորդ բաժինին մէջ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուի` հայկական եւ քրիստոնէական միւս բոլոր եկեղեցիները վերադարձնելու իրենց պատմական տէրերուն) յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են տասնեակ մը համակիրներ` զօրակոչի ենթարկելով երկրին ամբողջ տարածքին գտնուող մարդկային իրաւանց եւ կրօնական ազատութեանց հազարաւոր հասարակական գործիչներ, որոնք զօրակցած էին բանաձեւին վաւերացման:
«Մենք հպարտ ենք մեր կամաւորներով, որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու համար բանաձեւին վաւերացումը», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Էնտրու Քզիրեան` նշելով, որ այս յաղթանակը փաստ մըն է ազգային մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող յանձնառութեան:
Նշենք, որ բանաձեւին զօրակցող կամաւորները կապ հաստատելով մարդկային իրաւանց եւ կրօնական ազատութեանց հազարաւոր հասարակական գործիչներու հետ, անոնց մղած էին պահանջելու քոնկրեսին մէջ իրենց ներկայացուցիչներէն` զօրավիգ կանգնելու «Եկեղեցիներուն վերադարձը» բանաձեւին:
20 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 43 թեր եւ 1 դէմ քուէներով վաւերացուցած էր բանաձեւը: