ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ – ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 26 ՅՈՒԼԻՍԻՆ

Լեւոն Զուրաբեան

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 26 յուլիսին կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ:

Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող, բանակցութիւններուն մէջ քոնկրեսի պատուիրակութեան անդամ Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ Դաւիթ Յարութիւնեանի հետ հանդիպում ունեցած է Կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ եւ համաձայնութիւն գոյացած է բանակցութիւնները հոն տեղափոխելու:

Երկու կողմերուն առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 18 յուլիսին եւ հանդիպման ընթացքին կարելի չէր եղած ձեւաւորել երկխօսութեան օրակարգը: Մօտ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդամէնը ներկայացուցին իրենց տեսակէտները երկխօսութեան վերաբերեալ:

Այս շաբաթասկիզբին Քոնկրեսը յատուկ յայտարարութեամբ մը որոշակի պահանջներ ներկայացուց երկխօսութիւնը շարունակելու համար:

Իշխանութիւնը արձագանգեց, որ պատրաստ է քննարկելու այդ հարցերը:

Քոնկրեսը իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի կեդրոնանայ արտակարգ ընտրութիւններու կայացման հարցին վրայ: Ըստ Զուրաբեանի, ուժի մէջ կը մնան այս տարուան 1 մարտի հանրահաւաքին ընթացքին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթին մէջ իշխանութեան ներկայացուած 15 պահանջները:

Զուրաբեան նշեց, որ քոնկրեսը շատ աւելի կեդրոնացած է արտակարգ ընտրութիւններու խնդիրին վրայ: Բայց, ըստ անոր, բնական է, որ երբ այդ հարցը լուծուի, միւս քայլը պիտի ըլլայ ամբողջ ընտրական համակարգի վերափոխումը, նոր երաշխիքներու ստեղծումը:

Ան աւելցուց, որ քոնկրեսը յոյս ունի յաջորդ հանդիպման ձեւաւորել բանակցութիւններու օրակարգը:

Բանակցութիւններուն մէջ իշխանական կողմը ներկայացնող պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան իր կարգին կարծիք յայտնեց, որ ամէն հերթական հանդիպման ժամանակ պիտի յաջողին մէկ քայլ առջեւ երթալ, սակայն դժուարացաւ ըսելու, թէ արդեօք պատուիրակութիւնները պիտի յաջողի՞ն  երկխօսութեան օրակարգը ձեւաւորել յաջորդ հանդիպման ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES