ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՈՒՂԵՐՁԻՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնապէս պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձին: Պատասխանի մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուիր:
Մետվետեւի ուղերձը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն փոխանցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` 8 յուլիսին կարճատեւ այցելութիւններ կատարելով Երեւան եւ Պաքու:
Ռուսիոյ նախագահին առաջարկներուն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պատասխանը այդ երկրին արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պաշտօնական Մոսկուային փոխանցած էր 18 յուլիսին:
Նոյն օրը Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանի պատասխանը Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձին պիտի ներկայացուի յառաջիկայ օրերուն:
Հեռաձայնային այդ հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութեամբ: