ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Եուսեֆ Թաուք ոչ եւս է: Թաուք երէկ առաւօտեան վախճանած էր սրտի կաթուածի պատճառով. անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր Պշարրէի մէջ, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին նախագահութեամբ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի մէջ կը փափաքի միաժամանակ տեսնել արդարութիւն եւ կայունութիւն, սակայն ոչ թէ մէկը առանց միւսին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ցաւ յայտնեց Դիմադրութեան զէնքին դէմ մղուած արշաւին համար: Ան ընդգծեց, որ Դիմադրութեան զէնքին դէմ արշաւը արտաքին փափաքներուն անսալ է եւ ոչ մէկ ուրիշ նշանակութիւն ունի:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտադրած է շարունակել լիբանանեան բանակին յատկացուած իր օժանդակութիւնները, որովհետեւ բանակը յանձնառու մնացած է պաշտպանելու լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ ինքնաշարժներու երթեւեկի արագութիւնը չափող ռատարները աշխուժ կերպով կը գործեն` նշելով, որ անոնց թիւը մօտիկ ապագային պիտի աւելնայ: Շարպել հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք կեցուցած է ռատարներուն աշխատանքը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա իր բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ` Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած ամբաստանագիրները գործադրելու առումով:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ պէտք է գործակցիլ օրէնքի հիման վրայ:

ԸՍՏ «ժումհուրիա» օրաթերթին հրատարակած տեղեկութիւններուն, «Ուիքիլիքս» կայքէջը գաղտնազերծած է փաստաթուղթ մը այն մասին, թէ Սուրիա մարզած է իր մօտ գտնուող արգելափակեալները եւ զանոնք գործուղած դէպի Լիբանան եւ Իրաք` ճակատումներու մասնակցելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռամատանի առիթով վերադառնայ Լիբանան:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ տեղեկութիւններու համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի գործակցին` քրիստոնեայ համայնքին պատկանող պետական պաշտօնեաներուն նշանակումները կատարելու իմաստով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը այսօր առաւօտեան կեղծ յարձակումներ գործեց Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրները «Պինա» օրաթերթին յայտնեցին, որ բոլորին պարտականութիւնն է զօրակցիլ կառավարութեան, որպէսզի ան կարենայ ընդառաջել լիբանանցիներուն պահանջներուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ ողջունեց քաղաքական նոյն ուղեգիծը ունեցող կառավարութեան մէջ դրական մերձեցումը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը պիտի չշարունակէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը ծուլութեան եւ ձախողութեան կառավարութիւնն էր: Ապու Ֆատել նկատել տուաւ, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժի իր հրաժարականը ներկայացուցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին, «որ պիտի ընդունի այդ հրաժարականը, սակայն ոչ ներկայիս», ըսաւ ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ կոչ ուղղեցին Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մասնակցելու` միայն քննարկելու համար Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES