ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Թալլեթ Խայեաթի մէջ ընդունեց իրանեան պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:

Իրանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց սէյիտ Քատի Ասքարը, որ Իրանի Ուխտի եւ կրօնական այցելութիւններու կազմակերպութեան բարձրագոյն առաջնորդն է:

Իրանեան պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:

Հանդիպումէն ետք սէյիտ Ասքար դրուատեց լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը, իսլամ – քրիստոնեայ գոյակցութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը, որ կ՛ապահովէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը:

Սէյիտ Ասքար ընդգծեց, որ Թեհրան, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր եւ ապագային պատրաստ պիտի մնայ զօրակցելու Լիբանանին` անոր մատուցելով իր գերագոյն կարողութիւնները, որպէսզի ան կարենայ դիմակալել իր բոլոր եւ յատկապէս տնտեսական բնոյթի հարցերը:

Իր կարգին, դեսպան Ապատի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է անմիջապէս գործադրելու Լիբանանի հետ ստորագրուած բոլոր համաձայնագիրները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին վառելանիւթի եւ ուժանիւթի մարզերուն: Ապատի նկատել տուաւ սակայն, որ Լիբանանի կառավարութեան վաւերացումէն ետք է, որ կարելի կ՛ըլլայ այդ համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES