Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եսակեդրոն էք եւ ուրիշներու կարծիքին կարեւորութիւն չէք տար. պէտք է ձեր դիրքը փոխէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ պատասխանատուութիւններ կը ստանձնէք եւ անշուշտ կը յոգնիք. չափաւոր եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յոգնած կը զգաք. մարզանքը բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հայրենաբաղձութիւնը զօրաւոր է ձեր մէջ, մանաւանդ մանկութեան յիշատակները արթնցած են. մի՛ խորանաք, որպէսզի չհիւանդանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երգելու կ՛ուզէք հետեւիլ. ձեզի համար ա՛լ ուշ է. ուրիշ ասպարէզի հետեւեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շարժուն օր մը պիտի ունենաք, եւ օրը անակնկալներով պիտի յորդի, ձեր կարծիքը կարեւորութիւն պիտի ունենայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անկեղծօրէն տուէք ձեր կարծիքը, ձեր շրջապատը ձեզ մտիկ պիտի ընէ եւ պիտի գնահատուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անհաճոյ սննդականոնի մը պիտի հետեւիք, հակառակ ձեր դժուար ընդունելուն` լաւ արդիւնք պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մտերմիկ հանդիպում մը պիտի ունենաք բարեկամներու հետ, որոնք երկար ժամանակէ չէիք տեսած. հաճելի օր մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ գործերը չուսումնասիրէք, ո՛չ մէկ բախտ ունիք յաջողելու. ամէն բան աշխատանքով կ՛ըլլայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճամբորդելու առիթ մը պիտի ներկայանայ, ինչ որ կ՛երազէք արդէն. երազ մը, որ պիտի իրականանայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բախտը ձեզի պիտի ժպտի այսօր. ձեզի կը մնայ առիթը օգտագործել եւ որոշումներ առնել:

