50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1964)

Խմբագրական

Խրուշչեւի Ստուերը

Հեռագիրները հաղորդեցին Խորհրդային Միութեան ղեկավար մարմիններուն մէջ կատարուած փոփոխութիւններու լուրը` ընդհանուր գիծերու մէջ տալով պատկերը ներքին վերակազմութեան մը, որուն անմիջական պատճառները կը գտնենք երբեմնի թիւ մէկին` Խրուշչեւի պաշտօնանկութեան մէջ:

Այս ուղղութեամբ բաւական յստակ եւ պերճիմաստ տեղեկագրութիւն մը ունէր «Ֆրանս-Սուար»-ի Մոսկուայի թղթակիցը` Միշել Քորտէյ, որուն թղթակցութիւնը կը հրատարակենք կողքի սիւնակներուն մէջ: Ֆրանսացի լրագրողը կատարուած փոփոխութիւնները` պաշտօնանկութիւններ եւ շնորհազրկումներ, կը բացատրէ վարձատրութեան եւ պատիժի տեսանկիւնէն:

Կը վարձատրուին անոնք, որոնք վճռական դեր ունեցած են Խրուշչեւի անկման մէջ: Կը պատժուին անոնք, որոնք անմիջական գործակիցները եղած են (ստորադաս աստիճանի վրայ) նախկին ղեկավարին:

Վարձատրուողներու մէջն են Ալեքսանտր Շելեփին եւ զօրավար Եփիշեւ, որոնց անձին ընդմէջէն հեղինակութիւն կը ստանան գաղտնի ոստիկանութիւնը եւ Կարմիր բանակը:

Պարտեալներն են` Ալեքսի Աճուպէյ եւ Վասիլի Փոլիաքով, որոնց անձին ընդմէջէն բուն պարտուողը կ՛ըլլայ Նիքիթա Խրուշչեւ, եթէ տակաւին (բացի ֆիզիքականէն) ուրիշ պատիժ կարելի է տալ փառքի գագաթնակէտէն յանկարծ լռութեան վիհին մէջ գահավիժող ղեկավարի մը:

Այս կը նշանակէ՞ միթէ, թէ ապախրուշչեւացումը (խորհրդային գործելակերպը յաճախ կը պարտադրէ նման անճոռնի բառեր) նախաքայլը պիտի հանդիսանայ ստալինացումի մը, որ կը յատկանշուէր գաղտնի ոստիկանութեան տրուած կարեւորութեամբ, գոնէ` բռնատէրին սադրանքները իրագործելու մարզին մէջ:

Առ այժմ յայտնի չէ, բայց ֆրանսացի լրագրողին այն նախատեսութիւնը, թէ Ալեքսանտր Շելեփին բարձրացող մարդն է եւ գալիք տարիներուն շատ խօսիլ պիտի տայ իր մասին, ենթադրել կու տայ որոշ կարծրացում մը խորհրդային ներքին կեանքին մէջ, Խրուշչեւի օրով զգացուած ազատութիւններու սահմանափակման գծով:

Միշել Քորտէյ կը կատարէ այլ հաստատում մը եւս, երբ կը շեշտէ, թէ` «Նախագահութեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, որոնցմէ շատեր իրենց պաշտօնը կը պարտին Խրուշչեւի, տեւաբար անոր կենդանի ստուերին կը զարնուին: Խրուշչեւ նոյն դժուարութիւնն ունեցաւ Ստալինի հետ: Բռնատէրին մահէն 11 տարի ետք տակաւին չէր հարթած այդ դժուարութիւնը: Արդ, Նիքիթա մեռած չէ եւ իր յաջորդները զայն մեկուսացուցած են լռութեան պատի մը ետին»:

Ֆրանսացի լրագրողին այս հաստատման մէջ կը տեսնենք խորհրդային վարչակարգին բուն նկարագիրը: Մեռած կամ անկեալ ղեկավարը իր կենդանի կամ մեռած ստուերով միշտ ներկայ է խորհրդային ղեկավարներու քայլերուն առջեւ, մտքին մէջ, գործունէութեան ընթացքին: Այնպէս որ, բոլոր որոշումները ու բոլոր քայլերը կ՛առնուին այդ ստուերին յարատեւ ներկայութեան մղձաւանջով, որ կը խեղաթիւրէ բոլոր քարտերը եւ առաջին մէկ օրէն անկումի կը դատապարտէ  յաջորդները:

Անկեալ կամ անհետացած ղեկավարներուն  վրայ բոլոր յանցանքները բեռցնելու այս գործողութիւնը, որ դրական որեւէ քայլի անատակ կը դարձնէ խորհրդային վարիչները, տասնամեակներէ ի վեր հիւանդագին վիճակ մը ստեղծած է խորհրդային տնտեսութեան մէջ: Հոն, ուր Խրուշչեւ ձախողեցաւ, Ստալինի ստուերէն հալածուած, անպայման որ պիտի ձախողին նաեւ իր յաջորդները` իր ստուերէն հալածական:

Ու այսպէս` շարունակաբար, որովհետեւ խորհրդային վարչակարգը ինքն իր մէջ կը կրէ իր խաթարման սերմերը, որոնք անպայմանօրէն պիտի յանգին ամբողջ դրութեան փլուզման:

Այս է ազատ մարդկութեան հաւատքը:

 

Share this Article
CATEGORIES