Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ֆրանսական Համալսարանի Ուսանողներ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Յարկին Տակ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի շուկայադրման (մարքէթինկ) բաժինի 40 ուսանողներ: Անոնք հանդիպում ունեցած են ընկերութեան մասնագէտներուն հետ եւ գործնական դասընթացքի հետեւած` նաեւ ներկայացնելով իրենց առաջարկները ընկերութեան տարբեր ծրագիրներու եւ աշխատանքներու վերաբերող:
Ուսանողներուն ներկայացուած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ստեղծման պատմութիւնը: Ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան ուսանողներուն հետ բաժնեկցած է իր յաջողութեան պատմութիւնը եւ ներկայացուցած է արդիւնաւէտ ղեկավարման իր պատկերացումները: Ուսանողները` Ռ. Եիրիկեանի ընկերակցութեամբ շրջագայած են ընկերութեան մէջ եւ ծանօթացած կեդրոնի բաժանմունքներուն:
«Կարեւոր է, որ երկար տարիներու գործունէութեան մեծ փորձառութեամբ եւ գործնական հմտութիւններով երիտասարդ սերունդին հետ կիսուիլ, լսել անոնց առաջարկները, անոնց համար եւս կարելիութիւններ ստեղծել: Աւելի փորձառու անձերուն կարծիքն ու խորհուրդները կրնան վճռորոշ դեր ունենալ ուսանողներու ներկային ու ապագային մէջ», յայտնած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Մատենադարանի Ֆոնտը Հարստացաւ
Արժէքաւոր Նմուշներով
Մատենադարանի ֆոնտը համալրուած է գրչագիր մատեաններով եւ հնատիպ գիրքերով: Պոսթընաբնակ Ղրտեան ընտանիքին նուիրատուութիւնը հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հաստատութիւնը հարստացուցած է բացառիկ նմուշներով: Վերջին տարիներուն եղած այսպիսի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ է, որ Մատենադարանը ձեռք բերած է իր ձեռագիրներուն մեծ մասը:
Ղրտեան Մարիան կը պատմէ, որ եղբայրը` Ռուբէնը, բժիշկ էր եւ հանգստեան օրերուն կ՛երթար հեռաւոր գիւղերու գրախանութներ, ուր հին գիրքեր կը վաճառուէին:
«Ժամերով կը պրպտէր գիրքերը, ուր որ Հայաստանի, հայերու կամ հայ մշակոյթի մասին էջ մը գրուած ըլլար, այս մէկ էջին համար 4 հատորը կը գնէր ու կը բերէր տուն», ըսած է ան:
Ղրտեան ընտանիքը հարուստ եւ բազմալեզու գրադարան ունի, բայց Ռուբէնին գիրքերը, ըստ անոր քրոջ, անձեռնմխելի էին: Աղօթագիրքերը երբեմն կու տար մօրը` կարդալու, յետոյ խնամքով կը զետեղէր դարակին մէջ: Ռուբէնին երազը եղած է, որ անոնք իրենց վերջին «հանգիստ»-ը գտնեն հայրենիքի մէջ` Մատենադարանի երդիքին տակ, ուր, վստահ էր, որ գիրքերը աւելի լաւ ձեւով պիտի պահպանուին, քան տան մէջ:
«Ղրտեան ընտանիքը Մատենադարանին նուիրած է 5 ձեռագիր, քանի մը տասնեակ հնատիպ գիրքեր, որոնք բացառիկ են, եզակի արժէքներ, որովհետեւ ոչ մէկ գրադարան ունի», յայտնած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը:
Սուրիահայ Գրողներու Ստեղծագործութիւնները
Կ՛արտացոլացնեն Սուրիական Պատերազմական Դէպքերը
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւնները մեծ ազդեցութիւն ձգեցին սուրիահայ ստեղծագործողներուն վրայ: Ծնունդ առին գիրքեր, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, որոնք կ՛արտայայտեն սուրիահայ ժողովուրդին կեանքը եւ ցաւը: 5 նոյեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` սուրիահայ գրողներուն հետ, որոնք անդրադարձան զիրենք յուզող տարբեր հարցերու:
Բանաստեղծ, արձակագիր Մարուշ Երամեան Հայաստան մեկնած է Հալէպէն եւ չորս ամիսէ հոն կը գտնուի:
«1996 թուականէն յաճախ կ՛այցելէի Հայաստան: Շատ հետաքրքրական կացութեան մէջ էինք, երբ Հալէպ կ՛ապրէինք. բոլորս կ՛աշխատէինք, եւ մեզի համար գրականութիւնը արտաաշխատանքային երեւոյթ էր. մասնագէտ գրողներ չէինք, հիմա եկած ենք այստեղ, անգործ ենք եւ գրելու շատ ժամանակ ունինք: Այսօր Հայաստանի մէջ մարդ գրականութեամբ չի կրնար ապրիլ», յայտնած է Մ. Երամեան:
Ըստ Մարուշ Երամեանի, վերջին շրջանի դէպքերը արդէն շատոնց արտայայտուած են սուրիահայ գրականութեան մէջ: «Գրեթէ բոլորս պատերազմի մասին կը գրենք: Արձակի եւ բանաստեղծութեան միջոցով կ՛անդրադառնանք այս դէպքերուն: Շատերս այդ ծանր օրերուն նուիրուած գործեր ունինք», յայտնած է ան:
Սուրիահայ գրողներու համախմբման անդամ, գրող Յակոբ Միքայէլեան եւս Հալէպէն եկած է Հայաստան, ուր կը գտնուի հինգ ամիսէ ի վեր: «Յաճախ այցելած եմ Հայաստան, սակայն երկար մնալով հասկցայ, որ գրելու առումով պեղելիք շատ բան կայ: Սուրիան ալ հայրենիք է մեզի համար, Հայաստանն ալ: Սուրիան աւելի շօշափելի էր, իսկ ասիկա ալ մեր հոգեւոր հայրենիքն է. մենք պէտք է աշխատինք դառնալ Հայաստանի քաղաքացիներ», համոզուած է գրողը:
Ըստ Յակոբ Միքայէլեանի, ամէն շաբաթ թերթերուն մէջ յօդուածներ կը գրէ եւ այսպիսով հետզհետէ կը վարժուի հայրենիքի կեանքին:
«Կոմիտաս. Մեծ Եղեռնի Զոհը» Գիրքը Նոր Էջեր
Կը Բանայ Ընթերցողին Համար
«Կոմիտաս. Մեծ եղեռնի զոհը» նոր գիրքին գինեձօնը Երեւանի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած է 31 հոկտեմբերին:
«Կոմիտասի խելագարութիւնը ծանր մանկութեան հետեւանք չէր, եւ ան «խենդացած» չէր, ինչպէս շատերը կ՛ըսեն», յայտնած է գիրքին հեղինակը` ամերիկահայ հոգեբան Մելինէ Գարագաշեանը, որ տարիներ շարունակ նորանոր փաստեր հաւաքելով ընթերցողին ներկայացուց իր նոր «Կոմիտաս. Մեծ եղեռնի զոհը» գիրքը: Ան հաստատած է, որ Կոմիտաս մեծ հոգեցնցում ապրած է, աւելցնելով, թէ ան այդ մէկը կրնար յաղթահարել, եթէ միայն իր բնական միջավայրը վերադառնար:
Նման աշխատութեան մը պատրաստութեան համար պէտք եղած է առնուազն եօթը տարի, իսկ փաստերը հաւաքած եւ ուսումնասիրած է աւելի կանուխ: «Գրելը դիւրին է, որովհետեւ սիրով կը գրեմ», հաստատած է հեղինակը: Գիրքին մէջ Կոմիտասի կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացուած են հոգեբանական տեսանկիւնէ: Ըստ հեղինակին, հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ այնպիսի փաստեր, որոնք մինչեւ օրս չեն հրապարակուած: Այսպիսի գիրք գրելու մտայղացման անդրադառնալով` Մ. Գարագաշեան ըսած է. «Կեսուրս իր պայուսակին մէջ 3 նկար կը պահէր եւ բոլորին կը պատմէր, թէ Կոմիտասը եղած է ամուսինիս ազգականը, եւ անոր պատմածին եւ հրապարակային նիւթերուն մէջ շատ հակասութիւններ կային. ուստի որոշեցի իբրեւ հոգեբան ուսումնասիրել Կոմիտասի կեանքը եւ ընտանիքին պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ` հասարակական կարծիքը համապատասխանեցնել այս ամէնուն»: Գիրքը բաղկացած է երկու մասերէ: Առաջինին մէջ կը պատմուի Կոմիտասի մասին` մինչեւ 1915 թուական, մանկութիւն, ընտանիք, կրթութիւն եւ այլն, իսկ երկրորդին մէջ ներկայացուած է 1915-էն մինչեւ կեանքի աւարտի ժամանակաշրջանը: Գիրքը տպագրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, կը նախատեսուի զայն թարգմանել անգլերէնի եւ ռուսերէնի:
«Մեզի ծանօթ չէ հոգեբանական այնպիսի լուրջ աշխատութիւն, որ հաւասարազօր կը լինի Մելինէ Գարագաշեանի կատարած աշխատանքին: Երկու հոգեբուժական աշխատութիւններ կան, բայց այս մէկը զուտ հոգեբանական է: Այս իմաստով այն շատ լաւ նուէր է մեր ուսանողների համար, որոնք կ՛ուսումնասիրեն քլինիքական եւ զարգացման հոգեբանութիւնները», յայտնած է անձի հոգեբանութեան ամպիոնի ղեկավար Էլէոնորա Զաքարեանը:
«Մեր բարեկամութիւնը Մելինէ Գարագաշեանի հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունի: Ան մնայուն դասախօսութիւններ եւ ելոյթներ կ՛ունենար: Անոր շնորհիւ գեղեցիկ ճիւղ մըն ալ աւելցաւ հոգեբանական վերլուծութեան մէջ: Գիրքին մէջ կայ ե՛ւ գիտականը, որ կը ներկայացնէ փաստական նիւթը, ե՛ւ բանաստեղծականը, որ կը ներկայացնէ Կոմիտասը` իբրեւ արուեստի մեծագոյն դէմքերէն մէկը: Կոմիտասի մասին գրելու համար մեծ համարձակութիւն պէտք է», վկայած է փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան բաժանմունքի ղեկավար Ալեքսան Բաղդասարեանը:
Նշենք, որ ասիկա հեղինակին երկրորդ գիրքն է, որ Կոմիտասին հոգեբանութիւնը կ՛ուսումնասիրէ: Առաջինը՝ «Կոմիտաս. հոգեբանական վերլուծում մը» խորագիրով, որ լոյս տեսած էր 2011-ին:
Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է
Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիին
Նոյեմբեր 4-ին մայրաքաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ Կիւլպէնկեան-Խաչատրեան փողոցներու քառուղիին վրայ յարակից տարածքին մէջ տեղադրուեցաւ հայ մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանին կիսանդրին:
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար Հրայր Անտոնեան, «Գեղագիտութեան ազգային կեդրոն»-ի գլխաւոր տնօրէն, ճարտարապետ Լեւոն Իգիթեան, յուշակոթողի հեղինակ, քանդակագործ Գարեգին Դաւթեան, սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան, նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան նախագահ Կամօ Սարգսեան, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ, համայնքի ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2012 թուականին Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ հիմնադրուած է «Հայ բարերարներու ճեմուղի», ուր տեղադրուած են Պօղոս Նուպարի, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի, Ալեք Մանուկեանի, Միքայէլ Արամեանցի, Յովհաննէս Լազարեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, ինչպէս նաեւ բարերարութեան հաւաքական կերպարը խորհրդանշող յուշակոթողները:
Նշուեցաւ «Սուրիահայերու Հիմնական Հարցերը
Համակարգող Կեդրոն»-ին Երկամեակը
Նոյեմբեր 7-ին ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի դահլիճին մէջ կայացաւ «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն»-ի հիմնադրման երկրորդ տարեդարձը: Ձեռնարկին մասնակցեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն»-ի գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Ողջունելով ներկաները` սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց, «Նախ կ՛ուզեմ շնորհաւորել կառոյցին երկամեակը եւ շնորհակալութիւն յայտնել, որովհետեւ ամէնէն ծանր, ամէնէն բարդ աշխատանքը դուք կը կատարէք, անցած երկու տարիներու ընթացքին առաքելութիւնը շատ լաւ ձեւով իրականացուցիք, եւ մեր միացեալ աշխատանքը շատ ներդաշնակ է: Կեդրոնը յաջողեցաւ ճիշդ կազմակերպել իր աշխատանքները միւս կառոյցներուն հետ: Ըստ ինծի, «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան կայացման լաւագոյն օրինակն է: Շնորհակալութիւն նաեւ ՀԲԸՄ-ին, որ առաջին օրէն օգնութեան ձեռք երկարեց աջակցութեան եւ ուժ տուաւ: Յատուկ շնորհակալութիւն մեր բոլոր բարերարներուն, բարի կամքի տէր մարդոց, որոնք Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ օգնեցին դժբախտութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն: Եւ վերջապէս, խոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր սուրիահայերուն, որոնք եկան հայրենիք. երրորդ անգամ փախստական չդարձան: Անոնք կը վայելեն իրենց գործատէրերու սէրը եւ յարգանքը` աշխատասիրութեան, նուիրուածութեան, ազնուութեան եւ հայրենասիրութեան շնորհիւ»:
Յոբելեանին առթիւ սփիւռքի նախարարը ազգանուէր աշխատանքի համար շնորհակալագրեր յանձնեց Լենա Հալաճեանին, Ալեքսան Գարատանայեանին, Ճորճ Բարսեղեանին, Նորա Փիլիպոսեանին, Թամար Գարագէօզեանին, Գէորգ Շատոյեանին եւ Սարգիս Ադամեանին:
Ձեռնարկին շրջանակներուն մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի մասնաճիւղին կողմէ սուրիահայ 400 դպրոցականներու աջակցելու նպատակով տրամադրուած նիւթական օժանդակութեան առթիւ շնորհակալական խօսքով եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան սուրիահայ փոքրիկները:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Հիւրընկալուեցան
Վենեզուելայի Եւ Իրաքի Հայոց Թեմերուն Առաջնորդները
Նոյեմբեր 14-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վենեզուելայի թեմի առաջնորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանը, Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը եւ իրաքահայ համայնքի գործիչ Պարոյր Յակոբեանը:
Ողջունելով սրբազան հայրերը` սփիւռքի նախարարը արժեւորեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց հերթական ժողովին մէջ քննարկուած` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման կարգը եւ սրբադասման առնչուող հարցերը: Նախարարը շեշտեց Կոմիտաս վարդապետի սրբացման անհրաժեշտութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը որոշուած է կատարել 2015, 23 ապրիլին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հանդիպման ընթացքին խօսուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հայ եկեղեցւոյ հետ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միացեալ իրականացուելիք ոգեկոչումներուն մասին:
Սրբազան հայրերը հաղորդած են, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը յայտարարութիւն մը տարածած է, որուն մէջ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան` «®վճռականօրէն շարունակելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը», ինչպէս նաեւ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ վերահաստատէ հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները:
Ասկերանի Մէջ Պատմական Յուշարձաններուն Թիւը 987 Է
Արցախի զբօսաշրջութեան վարչութեան կից գործող Ասկերանի պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը կազմաւորուած է երկու տարի առաջ, ունի չորս աշխատակից, որոնք կը հետեւին շրջանի 42 համայնքներու մէջ գոյութիւն ունեցող 987 պատմական յուշարձաններու պահպանութեան:
Ծառայութեան նախագահ Ալլա Արզումանեան թուարկելով պատմական յուշարձաններուն տեսակները` յայտնած է, որ կան` եկեղեցիներ, խաչքարեր, հին գերեզմաններ, տապանաքարեր: Խաչքարերէն եւ տապանաքարերէն ամէնէն հինը 11-րդ դարէն է, տեղեկացուցած է Ա. Արզումանեան: Շրջանի քանի մը գիւղեր առանձնապէս հարուստ են հետաքրքրական տապանաքարերով եւ խաչքարերով` Աւետարանոց, Խնածախ, Խանցկ, Վերին եւ Ներքին Սզնէք գիւղեր: Ալլա Արզումանեան դժուար կը նկատէ առանձնացնել ամէնէն տեսարժան վայրը կամ յուշարձանը` հաստատելով, որ իւրաքանչիւրը ունի իր բացառիկ ու իւրայատուկ արժէքը: Անոր համաձայն, Ասկերանի շրջանի ամրոցին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի, որովհետեւ անիկա շրջանի իւրատեսակ այցետոմս է: Անդրադառնալով այն վայրերուն, զորս զբօսաշրջիկները աւելի յաճախ կը նախընտրեն այցելել` Ա. Արզումանեան առանձնացուցած է քանի մը վայր` Տիգրանակերտ, Նիկոլ Դուման տուն-թանգարան, Ասկերանի բերդ-ամրոցը: «Կը պատահի, որ հիւրերը մեզ կը դիմեն` խորհուրդի կամ իրենց ուղեկցելու համար` բնականաբար իրենց նախընտրած վայրերը: Երբեմն զբօսաշրջիկները կը գերադասեն ծանօթանալ հին գիւղական կենցաղին եւ աւանդութիւններուն: Մենք ալ հաճոյքով կ՛ուղեկցինք անոնց», նշած է ծառայութեան նախագահը:
«Ընտանիքի Ընկեր» Նոր Ծրագիրը
Հայրենադարձներու Համարկման Համար
«Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրը պաշտօնապէս սկսաւ գործել այս տարուան ապրիլի աւարտին եւ անոր հիմնական նպատակն է Սուրիայէն կամ այլ երկիրներէ Հայաստան եկած ընտանիքներուն ոչ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել: Աջակցութիւնը անմիջականօրէն ընտանիքներուն կը տրամադրեն երիտասարդ կամաւորները` տեղեկատուական օգնութիւն ցուցաբերելով, քաղաքին ծանօթացնելով, պետական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն դիմելու գործընթացներուն օգտակար դառնալով, յայտնած է ծրագիրի համակարգող Զարինէ Յարութիւնեան:
Սեպտեմբերին սկսած է ծրագրին երրորդ հանգրուանը, որուն կը մասնակցին 15 ընտանիքներ: Ծրագիրը պաշտօնապէս պիտի տեւէ երեք ամիս, սակայն աւարտէն ետք կամաւորը եւ ընտանիքը պիտի բարեկամանան եւ շարունակեն իրենց շփումները:
«Այս ծրագիրը սուրիահայերու համարկման ոլորտին մէջ կը կազմէ մեր գործունէութեան միայն մէկ փոքր մասը: Տեղացի ընտանիքները նորեկ հայրենակիցներուն կենցաղային օգնութիւն տրամադրելով` անոնց կ՛օգնեն ոչ միայն կողմնորոշուելու քաղաքին մէջ, տարբեր կառոյցներու դիմելու հարցով կամ ուղղակի Հայաստանին ծանօթանալով, այլ նաեւ երկու կողմերը կարելիութիւն կը ստանան աւելի սերտօրէն ծանօթանալու մշակութային որոշ տարբերութիւններուն», դիտել տուած է ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Փիերուիրթ:
«Ընտանիքի ընկեր» ծրագրի համակարգողը նաեւ աւելցուցած է, որ ասկէ բացի, կամաւորներուն ամսական գումար պիտի տրամադրուի, որպէսզի իրենք կարելիութիւն ունենան հանդիպումներ կազմակերպելու եւ հիւրընկալելու բարեկամ ընտանիքներ:
Հայաստան Եկած Զբօսաշրջիկներուն
Թիւը Կը Մօտենայ Մէկ Միլիոնի
Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտը կը շարունակէ կայուն աճ արձանագրել: Յունուար-սեպտեմբեր 2014-ին հանրապետութիւն մուտք գործած են 941 հազար 151 զբօսաշրջիկներ. 2013-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` 13.6 առ հարիւրէ աւելի:
Ըստ Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան, այս տարուան յունուար-սեպտեմբերին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 886 հազար 251 մարդ. 2013-ին հետ բաղդատելով` 12.5 առ հարիւրէ աւելի:
Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան գերակայ ճիւղերէն է: Վերջին տասնամեակին ոլորտին աճը տարեկան գերազանցած է 15-20 առ հարիւրը: Զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով Հայաստան վիզայի առնչութեամբ դիւրութիւններ կու տայ, որդեգրած է «Բաց երկինք»-ի քաղաքականութիւն` կարելի եղածին չափ մատչելի դարձնելով զբօսաշրջիկներուն համար Հայաստան այցելութիւնները: