Բրիտանիոյ Եւ Պրիւքսէլի Մէջ Բողոքի Ցոյց` Ալիեւի Հետ Համագործակցողներու Դէմ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ բողոքի ալիք սկսած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու պահանջով: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Ազատլըկ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ մէջ գործող «Փլաթֆորմ-Լոնտոն», «Ինտեքս օն Սենսըրշիփ» եւ այլ ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութիւններ սկսած են այդ ուղղութեամբ նոր ինքնատիպ բողոքի ցոյցեր կատարել:
Այդ կազմակերպութիւններուն կողմէ տարածուած միացեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այս տարուան ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ կատարուած են աննախադէպ տարողութեամբ բռնաճնշումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալուած են կառավարութեան դէմ քննադատական դիրքորոշում ցուցաբերած մեծ թիւով իրաւապաշտպաններ, քաղաքացիական գործիչներ եւ լրագրողներ:
Ցոյցի կազմակերպիչներուն կարծիքով` Բրիտանիոյ մէջ գործող բազմաթիւ պետական եւ ոչ պետական կառոյցներ այսօր եւս կը համագործակցին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ` Ազրպէյճանի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը պաշտպանելու համար: Այդ պատճառով կազմակերպիչները որոշած են վառող մոմերով բողոքի ցոյցեր կատարել Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ առեւտրական կառոյցներու գրասենեակներուն առջեւ:
Իրաւապաշտպան Ռամուտէ Ռեմէյզատէ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Այսօր մենք 100 մոմ վառած ենք` նուիրուած Ազրպէյճանի 100 քաղաքական բանտարկեալներուն: Անոնց շարքին են իմ ընկերներս` Ինթիգամ Ալիեւը, Ռասուլ Զաֆարովը, Էմին Հիւսէյնովը, Անար Մամետլին: Այսպիսի ցոյցեր մենք կը կատարենք ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Բրիտանական ոստիկանութիւնը հրաշալի կերպով գործեց` մեզի «լաւ բողոքի ցոյց» մաղթեց եւ չխոչընդոտեց: Այդպիսի բան Պաքուի մէջ երբեք տեղի չէր ունենար»:
Միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները երկուշաբթի օր նոյնպիսի բողոքի ցոյց կատարած են Պելճիքայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Անոնք պահանջած են ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները եւ ձերբակալուած իրաւապաշտպանները: Ցոյցին մասնակիցները իրենց բարձրացուցած են ձերբակալուած իրաւապաշտպաններ Լէյլա Եունուսի, Ռասուլ Զաֆարովի, Ինթիգամ Ալիեւի եւ միւսներուն դիմանկարները:

