Ըստ Թրքական Լրատուամիջոցներու. Սուրիական Ազատ Բանակը Հեռացած Է Հալէպէն

1118_AleppoԹուրք ապահովական բարձրաստիճան աղբիւր մը 17 նոյեմբերին «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած է, որ Սուրիական ազատ բանակը դադրեցուցած է Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքին` Հալէպի մէջ կռիւը եւ իր 14 հազար զինեալները հեռացուցած քաղաքէն:

Աղբիւրը հաստատեց, որ Սուրիական ազատ բանակի ղեկավար Ժամալ Մաարուֆ փախուստ տուած է դէպի Թուրքիա, ուր ներկայիս «կը հիւրընկալուի եւ կը պաշտպանուի թրքական պետութեան կողմէ»:

Աղբիւրը փախուստին ճշգրիտ թուականը չէ հաղորդած, սակայն նշած է, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է վերջին երկու շաբթուան ընթացքին:

Այս իրադարձութեան պատճառով` Սուրիական ազատ բանակը կորսնցուցած է իր վերահսկողութիւնը Թուրքիոյ հետ Պապ Հաուա սահմանային անցքին վրայ, որուն այժմ կը տիրէ Ահրար Շամ խմբաւորումին ղեկավարութեամբ փոքր խմբաւորումներու տկար դաշինք մը:

Աղբիւրը յայտնած է, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող միջազգային դաշինքին կողմէ Սուրիական ազատ բանակին տրուած կարգ մը զէնքեր կրնան անցած ըլլալ Ահրար Շամի եւ Քայիտայի սուրիական թեւին` Ժապհաթ Նուսրայի ձեռքը:

Նոյն տեղեկութիւնը փոխանցեց նաեւ թրքական «Ռատիքալ»-ը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES