Երուսաղէմի Մէջ Յարձակում` Հրէական Տաճարի Մը Դէմ

1118_JerusalemՉորս զոհ արձանագրուեցաւ եւ աւելի քան 20 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ զէնքերով եւ դանակներով զինուած երկու պաղեստինցիներ յարձակում գործեցին բռնագրաւեալ Երուսաղէմի Հառնով թաղամասին մէջ գտնուող հրէական տաճարի մը դէմ:

Զոհերը բոլորն ալ ռաբբիներ էին, անոնց շարքին էր Հին կտակարանի դպրոցի մը ղեկավարը` Մոշէ Թապառնիսքի: Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի զինեալ թեւը` Ապու Ալի Մուսթաֆա ջոկատները: Պաղեստինեան բոլոր խմբաւորումներն ալ ողջունեցին յարձակումը` զայն նկատելով վերջերս արձանագրուած իսրայէլեան վարմունքներուն բնական հակազդեցութիւնը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին կոչ ուղղած է գործողութիւնը դատապարտելու: Աւելի ուշ, Ապպասի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով. «Նախագահութիւնը կը դատապարտէ հրեայ աղօթողներու դէմ իրենց աղօթավայրին մէջ կատարուած յարձակումը եւ կը դատապարտէ քաղաքայիններու սպանութիւնը` ով որ ալ ըլլայ զայն կատարողը»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ կատարուած յարձակումին:

Share this Article
CATEGORIES