Ազրպէյճանի Յայտարարութիւնը «Ապակառուցողական Է Եւ Բնորոշ Է Նացիականներուն»

Դաւիթ Բաբայեան
«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան երկուշաբթի տարածած յայտարարութիւնը բնորոշ է նացիականներուն եւ ծայր աստիճանի ապակառուցողական է», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի յայտարարած էր, որ «եթէ հայկական կողմը անգամ մըն ալ փորձէ որեւէ զինուորական գործողութիւն իրականացնել, պատասխան քայլը Ազրպէյճանի կողմէ պիտի ըլլայ հզօր եւ կործանարար, որն ալ պիտի յանգեցնէ բազմաթիւ զոհերու եւ երկար պիտի մնայ թշնամիին յիշողութեան մէջ»:
«Փաստօրէն, բացէ ի բաց կը յայտարարէ, որ պիտի չձգէ հայկական կողմին մօտենալու այդ վայրը, այսինքն` կրակոցներու տակ պիտի պահէ, եւ բնական է, կը ստեղծէ շատ տարօրինակ իրավիճակ մը. մէկ կողմէ մենք պարտաւոր ենք գիտնալ մեր զինուորներուն ճակատագիրը, միւս կողմէ ատիկա կրնայ յղի ըլլալ նոր զոհերով: Նման կեցուածք թերեւս միայն ցուցադրած են նացիական վարչակարգերը Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին մամլոյ քարտուղարը:
Դաւիթ Բաբայեանի համոզումով` ժամանակն է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ Ազրպէյճանի հասցէին աւելի կարծր յայտարարութիւններ կատարուին:
«Ձեւով մը յայտարարութիւնները կրկին ցոյց կու տան իրենց հիմնական, մշակուած մօտեցումը, այն է` չէզոք դիրք մը ընդունիլ, դիմել բոլոր կողմերուն, որպէսզի զերծ մնան որոշ քայլերէ: Ասիկա, անշուշտ, լրիւ իրավիճակը չ՛արտացոլեր, ընդհակառակն` նոյնիսկ գուցէ նաեւ Ազրպէյճանի համար այնքան ալ կարծր չեն, միւս կողմէ` այս յայտարարութիւններուն երկրորդ մասը յստակ կը նշէ, որ անթոյլատրելի է ուժային տարբերակը: Ասիկա թերեւս ամէնէն կարեւորն է, բայց կը կարծեմ` ժամանակն է, որ աւելի կարծր յայտարարութիւններ ըլլան», ըսած է Բաբայեան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ, վերահսկելի է, սակայն հակառակորդը կը շարունակէ մնայուն կրակոցի տակ պահել «Մի-24» ուղղաթիռի կործանման վայրը` թոյլ չտալով ղարաբաղեան կողմին մօտենալու այդ վայրին:

