Վարչապետը Պատրաստ Է Քննարկումներու` Եռեակի 12 Կէտնոց Պահանջներուն Շուրջ

Յովիկ Աբրահամեան
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ ներկայացուած 12 կէտնոց պահանջներուն շուրջ քննարկումներու պատրաստակամութիւն յայտնած է:
«Եռեակին կողմէ ներկայացուած 12 կէտերէն շատերը նոր չեն. անոնց կառավարութիւնը հրապարակաւ անդրադարձած կամ իրականացուցած է: Այդուհանդերձ, մեր դիրքորոշումները քարացած չեն, եւ մենք պատրաստ ենք քննարկումներու», երէկ յայտարարած է Աբրահամեան:
Վարչապետը կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեամբ կ՛առաջարկէ «իւրաքանչիւր հարցի համար կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ նշանակել 3 հոգինոց խումբ` իւրաքանչիւր կէտի շուրջ փաստերու վրայ հիմնուած դիրքորոշում ներկայացնելու նպատակով», եւ կ՛ակնկալէ, որ ընդդիմութիւնը եւս շինիչ ձեւով մօտենայ համագործակցութեան առաջարկին:
Կառավարութեան հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր: Այդ մասին կը հաղորդէ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստերը սովորաբար տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի օրերը:

