Հայաստանի Մէջ Չինաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Նախագահ Սարգսեանին

Ըրլոնկ եւ նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիեն Ըրլոնկ:
Նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան զուգահեռ առեւտրական-տնտեսական, մշակութային, կրթութեան, գիտութեան եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան խորացումը: Զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսած են Հայաստանի մէջ չինարէնի խորացած ուսուցումով դպրոցի հիմնումի նախագիծի մը մասին եւ կարեւոր նկատած զայն:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, նոր նշանակուած դեսպանը համոզում յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալէն ետք, տնտեսական մարզին մէջ, ներառեալ` Չինաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման նոր կարելիութիւններ կը բացուին:

