ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՍՐԻ ԽՈՒՐԻՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին պարագային Լիբանան-Սուրիա գործակցութեան աշխուժացման եւ բարելաւման հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ նախարար Սապունճեանը շնորհաւորած է նոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է ճարտարարուեստի առումով լիբանանեան-սուրիական գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Խուրի աւելցուց, որ նախարար Սապունճեանի հետ համաձայնած է քննարկումի ենթարկել բոլոր այն խոչընդոտները, որոնք կ՛արգելակեն ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճումը` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ:
Խուրի նկատել տուաւ, որ երկու երկիրներու ճարտարարուեստի նախարարութիւններուն կողմէ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը, որ պիտի քննարկէ հարցերը եւ յարմար լուծումներ գտնէ անոնց:
Նախարար Սապունճեանի այցելեց նաեւ Ժապալ Ամելի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ նախարարին յանձնեց պահանջներու ցանկ մը:


