ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ` ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
Լիբանանի յատուկ թիւ 1701 բանաձեւի քննարկման հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին ընթացքին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի համայնքային բախումներու սպառնալիքին ներքեւ` Սուրիոյ միջադէպերուն պատճառով:
Ուիլիըմզ զգուշացուց, որ Սուրիոյ տագնապը կը ծանրաբեռնէ Լիբանանը, որ ենթակայ է համայնքային բախումներու: Ան աւելցուց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանները ամբողջովին հակակշիռի տակ չեն գտնուիր եւ լիբանանցիները չեն կրնար հաստատել, եթէ Սուրիայէն լիբանանեան միլիսներուն զէնքի մատակարարումը տակաւին կը շարունակուի:
Ուիլիըմզ նշեց, որ ներկայիս Իսրայէլի հետ կացութիւնը հանդարտ է` դիտել տալով, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը բաւական երկար կրցած է տոկալ, «եւ ժամանակն է այլեւս, որ լիբանանցիները քննարկեն Հըզպալլայի եւ այլ միլիսներու ապազինման թղթածրարը», ըսաւ ան:
Ուիլիըմզ հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը կը սպառնայ Լիբանանի եւ շրջանին կայունութեան: Ան նկատել տուաւ, որ թէ՛ Լիբանան եւ թէ՛ Իսրայէլ այս իմաստով իրենց քարտէսներն ու պահանջները յղած են ՄԱԿ-ին, սակայն վերջինիս համար դժուար է այս թղթածրարին գծով աշխատիլ, յատկապէս երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու չգոյութեան պատճառով:
Ուիլիըմզ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի, որ իւրաքանչիւրը իր ծովափին մօտակայքը քարիւղ եւ բնական կազ որոնէ:
Ուիլիըմզ ընդգծեց, որ ծովուն մէջ քարիւղի հանքերու պեղման առումով Լիբանան 7 տարի ուշ է Իսրայէլէն:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը թիւ 1701 միջազգային բանաձեւին գործադրութեան գծով:
Ան աւելցուց, որ Իսրայէլն է, որ մնայուն կերպով կը խախտէ թիւ 1701 բանաձեւը:
Սալամ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ գործուած ութ հազար իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ 15 մայիսին անզէն ցուցարարներուն դէմ իսրայէլացի զինուորներուն կողմէ կրակ բանալու քստմնելի արարքը:
Սալամ նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլ թիւ 1701 բանաձեւը կը խոչընդոտէ նաեւ այն առումով, որ ան բռնագրաւուած կը պահէ Ղաժար գիւղաքաղաքի հիւսիսային մասը: