ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ Իպրահիմ Տահեր

Հարապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Տահերը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ «Իտալ» հաստատութեան տնօրէն Նեպիլ Իթանին, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց հաստատութեան տարեկան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ անոր ապագայ ծրագիրները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Սրի Լանքայի, Չեխիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նոր նշանակուած դեսպանները եւ անոնցմէ ստանձնեց լիազօրագիրներն ու հաւատարմագիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES