ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը:
Միւս կողմէ, վարչապետը ընդունեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Թարապէյ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումները անպատճառ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի տնտեսութեան վրայ:
Թարապէյ ընդգծեց, որ այս ծիրին մէջ, ցամաքային ճամբորդութեամբ Լիբանան ժամանող զբօսաշրջիկներուն թիւը քիչ է այս տարի` նկատի ունենալով Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Ան նկատել տուաւ սակայն, որ Լիբանանի դրամատնային համակարգին աշխատանքը բաւական հեզասահ կ՛ընթանայ` նկատի ունենալով լուրջ հարցերուն դէմ դնելու լիբանանեան դրամատնային մարզին կարողութիւնները:
Վարչապետին այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ յայտնեց, թէ Լիբանան արագ կերպով կ՛աշխատի` ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով լուրջ աշխատանք կը տանի` աւելցնելով, որ նախորդ կառավարութեան պարագային նոյն հարցով ինք եօթը նամակներ յղած է եւ իր եօթը նամակները անպատասխան մնացած են:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կողմէ որեւէ թերացում կրնայ շահագործուիլ Իսրայէլի կողմէ եւ վերածուիլ Լիբանանի դէմ ներխուժումի:
Ուժանիւթի նախարարը նկատել տուաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ վարչապետ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ դնէ` ամբողջացնելու համար Լիբանանի ծովային սահմանագծումի մանրամասնութիւնները, որոնք ներքին լիբանանեան առումով ամբողջական են եւ կարիքը ունին արտաքին լուծումներու` ՄԱԿ-ի եւ Կիպրոսի պարագային:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, որոնք Միքաթիի հետ քննարկեցին իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: