50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՐԿԷՍԸ

ՀԱՅ ՄԸ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀՍԿԱՅ ՕՁԵՐՈՒ
ԵՒ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հանդիսավարի լոյսերուն տակ, ներկայ հետաքրքիր հասարակութիւնը մեծ յուզումով կը հետեւի հայկական կրկէսի (Երեւան) անդամներէն մարդու մը զարմանահրաշ խաղերուն, տրուած ըլլալով, որ ան կենաց մահու պայքար մըն է, որ կը մղէ իր այս ցուցադրութեան ընթացքին, հսկայական սողուններու` մեծ պետոններու հետ կռուելով, իր ահեղ ուժին շնորհիւ: Այս սարսափազդու պայքարին մեծ յուզումով կը հետեւին մարդիկ, նոյնիսկ յաճախ չկարենալով զսպել իրենց սոսկումի ճիչը կամ վախի բացագանչութիւնը:

Ինչպէս ծանօթ է, պետոնները ամենազօրաւոր օձերն են, նոյնիսկ ոմանք` պոայէն ալ զօրաւոր: Ահա անոնք իրենց այս արտակարգ ուժով է, որ կը սեղմեն հայ Հերակլէսին մարմինը, որ գիտէ դիմադրել սակայն այս բոլոր ճնշումներուն, որոնց նուազագոյնը գուցէ մահացու ըլլար ուրիշ մէկուն համար: Անոնք ուղղակի կը պայքարին իրարու հետ եւ ամէն անգամին ալ Ստեփան Իսահակեան կը յաջողի քակել անոնց այդ ահաւոր օղակները` ներկաներու հիասքանչ բացագանչութիւններուն եւ խելայեղ ծափահարութեանց մէջ:

Բայց Ստեփան Իսահակեանի այս ահաւոր սողուններուն դէմ մղած կատաղի պայքարը չէ միայն, որ ուշագրաւ ու զարմանալի ցուցադրութիւնը կը կազմէ Երեւանի կրկէսին: Կարելի է ըսել, թէ ասոր նման բազմաթիւ ցուցադրութիւններ ունի հայկական կրկէսը, բոլորն ալ` իրարմէ հետաքրքրական: Արդարեւ, Երեւանի կրկէսը, որ ներկայիս շրջապտոյտի մը ձեռնարկած ըլլալով` կը գտնուի Մոսկուա, ունի նաեւ ուշագրաւ այլ ցուցադրութիւն մը: Այսպէս, Իսահակեան նման պայքարներ կը մղէ նաեւ հսկայական կոկորդիլոսներու հետ եւ զարմանալի ցուցադրութիւններ կ՛ընէ ուշիմ ու վարպետ փիղերու ընկերակցութեամբ:

Հայկական կրկէսը շատ հին չէ: Կարելի է ըսել, թէ հազիւ տասնեակ մը տարիներու պատմութիւն ունի, տրուած ըլլալով, որ ստեղծուած է յետպատերազմեան տարիներուն, բայց ահագին ճամբայ կտրած է այն օրէն ասդին եւ` մեծ համբաւի տիրացած:

Կրկէսին բազմաթիւ հայ արուեստագէտներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւներէն մին է նաեւ օդային մարմնամարզիկ Էլենա Յովհաննիսեան, որ կարելի է ըսել, թէ անթեւ թռչուն մըն է: Արդարեւ, գլխապտոյտ պատճառող իր թռիչքները կը զարմացնեն բոլորը, եւ շատերու անհաւատալի կը թուին անոնք` ցուցադրութենէն քանի մը վայրկեան ետք, այնքան որ զարմանալի են եւ յանդուգն:

Եւ Էլենա Յովհաննիսեանի այս խելայեղ թռիչքներէն շատ ալ վար չեն մնար նաեւ Տիւտիւկեանի ու այլ լարախաղացներու  սխրագործութիւնները:

«Լէ Նուվել Տը Մոսկուա»

ՃՈՐՃ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ ՄԵԾ ՍՐԱՀ ՄԸ
ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑԷ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր» 14 յուլիսի թիւին մէջ կը գրէ.-

Աթէնքի «Էլեֆթերիա» առաւօտեան մեծ օրաթերթի Սան Ֆրանսիսքոյի թղթակից Ս. Ն. Ղրանիցաս կը գրէ իր թերթի երէկուան (13 յուլիս) թիւին մէջ:

Հրապարակային հաւաքոյթներու համար Յունաստանի ամէնէն մեծ սրահներէն մէկը պիտի կառուցուի Քոքինիոյ մէջ, Փերիա: (ԽՄԲ.- Թիւրիմացութեան մէջ է թղթակիցը, յիշեալ սրահը պիտի կառուցուի Հ. Կ. Խաչի Տուրղութիի հողամասին վրայ, ազգային վարժարանին կից): Յիշեալ սրահը Ճորճ Մարտիկեանի կողմէ պիտի նուիրուի հայ գաղութին: Ճորճ Մարտիկեան այս առթիւ յայտարարեց, թէ այս կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուելու համար Յունաստան պիտի մեկնի, շատ հաւանաբար` յառաջիկայ հոկտեմբերին:

Նուիրատուն, հայկական ծագումով ամերիկացի, Սան Ֆրանսիսքոյի ծանօթ ձեռնարկու մըն է եւ գրած է երկու գիրքեր, որոնք մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին: Իր գիրքերէն մէկը` «Երգն Ամերիկայի» թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու եւ հաւանաբար յունարէն ալ հրատարակուի: Ճորճ Մարտիկեան անդամ է շատ մը կազմակերպութեանց եւ զանազան յանձնախումբերու: Հելլէնասէր այս հայը միշտ ջերմ սիրով կ՛արտայայտուի Հելլադայի եւ հելլէններուն մասին:

Հազար-հազար երկու հարիւր հոգինոց սրահ մը պիտի ըլլայ Ճորճ Մարտիկեանի սրահը: Նուիրատուն յիշեալ կեդրոնը շինելով` կ՛ուզէ, որ հոն կազմակերպուին մշակութային հաւաքոյթներ, դպրոցական հանդէսներ եւ այլն: Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ պիտի արժէ, բայց բաւական մեծ գումարի մը կը կարօտի սրահին կառուցումը, որ նման պիտի ըլլայ այն միւսին, զոր Ճ. Մարտիկեան կառուցած է Հալէպի մէջ:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

12 օտար լրագրողներ մէկ ամսուան համար պիտի այցելեն Միացեալ Նահանգներու զանազան վայրերը:

Սոյն լրագրողներուն մէջ կը գտնուի Լեւոն Քէշիշեան` մեր եւ «Ահրամ» եգիպտական օրաթերթի Միացեալ Նահանգներու թղթակիցը:

Այս մէկ ամսուան պտոյտը կազմակերպուած է «Կառավարական հարցերու հիմնարկ»ին կողմէ, «Ֆորտ» հաստատութեան նիւթական օժանդակութեամբ:

Լրագրողները ընտրուած են մասնաւոր յանձնախումբի մը կողմէ. Նիւ Եորքի մէջ կան աւելի քան 200 լրագրողներ: Ընտրող յանձնախումբը կազմուած է հետեւեալ յայտնի ամերիկացի լրագրողներէ` Պրուս Ման, «Եունայթըտ փրես», Մաքս Հերիսըն, «Էսոշիէյթըտ փրես» ու Միլթըն Ֆրոտընհայմ, «Շիքակօ տէյլի նիուզ»:

Լրագրողները կու գան հետեւեալ երկիրներէն. Արժանթին, Հոլանտա, Ճափոն, Հնդկաստան, Գերմանիա, Լեհաստան, Շուէտ, Իտալիա, Եուկոսլաւիա, Խորհրդային Միութիւն ու Միացեալ Արաբ Հանրապետութիւն: Լ. Քէշիշեան, որ կը ներկայացնէ «Ահրամ» թերթը:

Լրագրողները շաբաթ մը Փիցպըրկ պիտի մնան եւ որոշ ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարեն Փիցպըրկ համալսարանին մէջ եւ յետոյ պիտի այցելեն Աթլանթա, Ճորճիա, Հերիսըն եւ Քենսըս:

Մնացեալ երկու շաբաթներուն լրագրողները պիտի այցելեն իրենց ուզած տեղերը:

Կը տեղեկանանք, որ Լ. Քէշիշեան պիտի այցելէ Ալասքա, Հաուայեան կղզիներ ու Փորթօ Ռիքօ:

Share this Article
CATEGORIES