Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ապագան ձեզի պիտի ժպտի, սակայն առանց աշխատանքի յաջողութիւն չկայ: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործակիցները աւելի լաւ ճանչնալու առիթ պիտի ունենաք, որմէ ետք միասնաբար աշխատանքը հաճելի պիտի թուի ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ առաջնորդի դեր կը կատարէք, եւ գործը յաջողութեամբ կը պսակուի. ամէնքը գոհ են ձեզմէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անսպասելի սիրահարութիւն մը պիտի ունենաք, որ զարգանալով` լրջութեան պիտի յանգի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր զաւակներուն արգելքներ դնելէ առաջ ուսումնասիրեցէք եւ ըստ այնմ գործադրեցէք. պատանիները բացատրութեան պէտք ունին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան վէճեր կան, որոնք լուծելը ձեր խոհեմութիւնն է. ձեր շնորհիւ հարցերը պիտի կարգադրուին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կազմակերպուած էք եւ աշխատանքի մէջ դիւրութեամբ կը լուծէք հարցերը, ինչ որ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խանդավառ էք եւ գործունեայ. ձեզ մտահոգող հարցերը դիւրութեամբ պիտի լուծէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերային կեանքը, ինչպէս ընտանեկան, երջանկութեան աղբիւր են. վայելեցէք զայն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր բարեկամութիւն մը պիտի ունենաք, որ մեծ տեղ պիտի գրաւէ ձեր սրտին մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ մեծ յանդգնութիւն մը պիտի ունենաք, որ ուսումնասիրուած պիտի ըլլայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մեծ փափաք ունիք ճամբորդելու, ինչ որ դժուար պիտի չըլլայ. կամենալը կարենալ է:
Մեծ փափաք ունիք ճամբորդելու, ինչ որ դժուար պիտի չըլլայ. կամենալը կարենալ է: