Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քուէյթ
Քուէյթի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան
Քաղաքական Բաժնի Ղեկավարին Այցելութիւնը
Ազգային Առաջնորդարան
Նոյեմբեր 12-ին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քուէյթի մէջ ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական բաժնի ղեկավար Ճենիֆըր Հեճիսթընպըրկը: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ խօսելու Քուէյթի եւ շրջանի հայ համայնքներուն մասին: Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Քուէյթի հայ համայնքի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մասին` ըլլան անոնք կրօնական, ուսումնական, մշակութային ու մարզական: Խօսելով Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայ գաղութներու մասին` ան շեշտեց, որ անոնք կազմակերպուեցան 1915-ի ջարդէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը հաւաքական ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ: Ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական բաժնի ղեկավարը դեսպանատուն հրաւիրեց կաթողիկոսական փոխանորդը ծանօթանալու համար նորանշանակ դեսպանին:
Մանկական Երգերու Մեկնաբան Մակիին Ելոյթը
Քուէյթի Ազգային վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան հրաւէրով 15-18 հոկտեմբերին մանկական երգերու մեկնաբան Մակի այցելեց Քուէյթ: Հոկտեմբեր 15-ին ան հանդիպում ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանին հետ: Յաջորդ օրը այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, ուր հանդիպեցաւ վարժարանի աշակերտներուն հետ եւ ուրախ մթնոլորտ մը պարգեւեց անոնց: 17 հոկտեմբերին «Քաշշաֆա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ: Համերգի աւարտին Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանի ձեռամբ Մակիին փոխանցուեցաւ Շրջանաւարտից միութեան յուշանուէրը: Այնուհետեւ կաթողիկոսական փոխանորդը արտասանեց սրտին խօսքը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Հոկտեմբեր 18-ին ան միացաւ Կիրակնօրեայ յաճախող փոքրիկներուն եւ քաջալերեց անոնց քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւ շեշտելով անոր դերը: Հանդիպման աւարտին Մակին իր վերջին խտասալիկները նուիրեց առաջնորդարանին եւ Ազգային վարժարանին:
Թեհրան
Առաջնորդարան Տրուած Այցելութիւններ
* 6 նոյեմբերին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ընդունեց Շուէտի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Պիր Լինները, որ նոր պաշտօն ստանձնած էր դեսպանատան մէջ: Պիր գոհունակութիւն յայտնեց այս հանդիպումին համար, իսկ սրբազանը շնորհաւորեց զինք եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ գործունէութեան մէջ: Ան նաեւ որոշ բացատրութիւններ տուաւ հայ համայնքի ազգային-հոգեւոր կեանքին մասին:
* Նոյն օրը սրբազան հայրը ընդունեց Թեհրանի Հայ եկեղեցասէր կանանց միութեան վարչութիւնը: Ան շնորհաւորեց նոր վարչութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց անոր անդամներուն եւ թելադրեց, որ նոր ուժերով օժտեն միութիւնը: Սրբազանը միաժամանակ գնահատեց եկեղեցասէր միութեան գործունէութիւնը` վեր առնելով հայ կնոջ դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
* Դարձեալ նոյն օրը Սեպուհ արք. Սարգիսեան ընդունեց Թեհրանի Հայ կանանց բարեգործական ընկերութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնք սրբազան հօր զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին: Առաջնորդ հայրը մեծապէս գնահատեց զիրենք` անդրադառնալով Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործող ծերանոցին եւ «Սօսէ Մայրիկ»-ին, որոնք կը գտնուին իրենց հոգածութեան ներքեւ եւ գնահատեց երկու ծերանոցներու նկատմամբ անոնց ունեցած պատասխանատու վերաբերմունքը:
Դոկտ. Ռ. Փիրումեանի Դասախօսութիւնը
Հոկտեմբեր 27-ին «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան կեդրոնին մէջ, նախաձեռնութեամբ նոյն հաստատութեան, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հայոց ցեղասպանութեան արտացոլումը` հայ գրականութեան մէջ» թեմայով: Օրուան դասախօսն էր գիտաշխատող, ցեղասպանագէտ եւ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի նախկին դասախօս, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան:
Դոկտ. Ռ. Փիրումեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ իր աշխատանքներու նախապատմութեան, որ վերածուեցաւ գիտական գործի` իր այլ փուլերով: Ան նկատել տուաւ, որ յուշագրութիւնը կը դառնայ վաւերագրութիւն եւ ան կ՛ազդէ հասարակական կարծիքի վրայ` ըլլալով քաղաքականութեան սկիզբ, որ յաջողութեան եւ մտաւոր պայքարին մէջ ունի իր ուրոյն դերը:
Փիրումեան նաեւ անդրադարձաւ այն ընթացքին, որ կը բանեցնեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները` չէզոքացնելու համար Հայ դատի յաջողութիւններու ընթացքը, յատկապէս` 100-ամեակի սեմին:
«Յոնան Դաւթեան»-ի Նախաձեռնութեամբ
Դասախօսական Երեկոյ` Նուիրուած
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Հոկտեմբեր 21-ին «Արարատ» մարզաւանի «Շահպազեան» սրահին մէջ «Յոնան Դաւթեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով դասախօսական-գեղարուեստական ձեռնարկ:
Օրուան բանախօս Ազատ եւ Ղազուինի միջազգային համալսարաններու դասախօս-իրաւաբան դոկտ. Ազին ներկայացուց ցեղասպանութիւն եզրոյթի առումներով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ ուղղուածութիւնները:
Բանախօսը ընդգծելով Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն անպատիժ մնալու փաստը` շեշտեց կարեւորութիւնը հատուցման պահանջներու իրաւական ձեւով քննարկելու հարցին:
Խորհրդարանի մէջ իրանահայութեան երեսփոխան դոկտ. Կարէն Խանլարեան անդրադառնալով պատմութեան նմանօրինակ փաստերուն` նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան գործադրման ընթացքին բազմաթիւ փաստեր եւ արձանագրութիւններ կան կապուած հայերուն ապաստան տուած թուրք ու քիւրտ ընտանիքներու մասին, աւելցնելով, որ այս գործողութիւնը պէտք է դիտարկել ոչ թէ թուրք ժողովուրդին ուղղուած ընթացք, այլ Թուրքիոյ պետութեան` իր ամենաիրաւական հասկացողութեամբ:
Յունաստան
Կոմիտաս Վարդապետի Կիսանդրիի Բացում
Նոյեմբեր 2-ին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին առիթով` Կոմիտասի կիսանդրիի բացում: Կիսանդրիին բացումը կատարեցին թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ քանդակագործ Լութֆիկ Զատիկեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Միլենա Ասլանեան, որմէ ետք Քոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան ներկայացուց հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ վարպետին կենսագրական գիծերն ու գործունէութիւնը: Ապա Յովսէփ Ասատուրեան ասմունքեց Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:
Քանդակի հեղինակ Լութֆիկ Զատիկեան խօսք առնելով` իր ուրախութիւնն ու յուզումը յայտնեց իրեն վստահուած գործին համար:
Առաջնորդ սրբազանը իր ելոյթին մէջ վեր առաւ Կոմիտաս վարդապետին վաստակը ու համազգային արժէքը` նշելով, որ 100-ամեակի սեմին գտնուելով, առաջին քայլը առնուած է` զետեղելով Կոմիտաս վարդապետին կիսանդրին, որպէսզի մեր ժողովուրդին զաւակները տեսնելով Կոմիտասի դէմքը` առաւել եւս փարին եւ կառչած մնան հայ մշակոյթին, Հայ եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ մեր ազգային ժողովրդական երգերուն:
Վրաստան
Վրաստանի Կրօնական Հարցերով Պետական
Գործակալութեան Նախագահը Եւ Աշխատակիցները
Հանդիպում Ունեցան Թեմի Առաջնորդին Հետ
Հոկտեմբեր 14-ին վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Վրաստանի Կրօնական հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշախմածէի եւ անոր ղեկավարած գործակալութեան աշխատակազմի անդամներուն հետ:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հիմնական հարցեր` Վրաստանի մէջ գործող աւանդական կրօնական համայնքներու ֆինանսաւորման հարցը եւ խորհրդային տարիներուն վիրահայոց թեմէն բռնագրաւուած եկեղեցիներու պահպանութեան եւ թեմին վերադարձնելու հարցը:
Թեմի առաջնորդը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու գործակալութեան հետ` ի նպաստ Վրաստանի կրօնական համայնքներու խաղաղ եւ միասնական գործունէութեան:
Իր հերթին Վրաստանի կրօնական հարցերով պետական գործակալութեան ղեկավար Զազա Վաշախմածէն յայտնեց, որ սոյն հարցերը միշտ գործակալութեան ուշադրութեան առարկայ են եւ իրենք աշխատանք կը տանին Վրաստանի մէջ պատմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ պետութեան կողմէ կրօնական աւանդական համայնքներուն նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Վրաստանի Յանձնախումբին Հերթական Ժողովը
Նոյեմբեր 4-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Վրաստանի յանձնախումբին հերթական ժողովը` ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի:
Նկատի ունենալով Վրաստանի մէջ հասարակական, պետական կառոյցներու եւ անհատ գործիչներու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջագիծին մէջ ծրագիրներ կազմակերպելու ցանկութիւնը, յանձնախումբը այսուհետեւ պիտի ստանձնէ առաջարկուող ծրագիրները համակարգելու եւ անոնց աջակցելու պարտաւորութիւնը եւ այս կապակցութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ վրացահայ հասարակութեան առջեւ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխման եւ պատժման» շրջագիծին մէջ, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Վրաստանի պետական եւ հասարակական կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպել եւ նշել այդ օրը, որուն ընթացքին ներկայացնել ազգային եւ կրօնական հողի վրայ իրականացուած ոճրագործութիւնները` հիմնական շեշտը դնելով Հայոց ցեղասպանութեան վրայ:
Որոշուեցաւ յատուկ շնորհակալագիրներ փոխանցել այն երկիրներու դեսպանութիւններուն, որոնք ընդունած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նաեւ շարունակել դիմել տարբեր երկիրներու դեսպանատուներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման խնդրանքով: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վրացերէնով գրքոյկ հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը:
Յանձնախումբը որոշեց յաջորդ ժողովը կայացնել դեկտեմբերին:
Միացեալ Նահանգներ
«Տալու Հոգիով» Բարեսիրական Ճաշկերոյթը
Վերջերս «Ուէլեսլի քաունթրի քլապ»-ի սրահին մէջ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Պոսթընի շրջանի Մանուկներու եւ որբերու յանձնախումբը նշեց իրենց այս տարուան «Տալու հոգիով» բարեսիրական ճաշկերոյթը:
Օրուան հանդիսավար Միշել Սիմուրեանի բարի գալուստի խօսքին յաջորդեց Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանին ելոյթը: Յանձնախումբի անդամ Ճոյս Ճանճիկեան ներկայացուց նշանաւոր աճուրդավարը եւ հեռատեսիլի 5-րդ կայանի խօսնակ Մայք Ուէնքըմը, զոր նաեւ անուանեց տարուան «Պատուաւոր հայ»-ը:
Ճաշկերոյթին հասոյթը պիտի յատկացուի ԱՀԱԸ-ի մանուկներու եւ որբերու ծրագիրներուն` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Հայկական Խաչքար` Քոլորատոյի
Խորհրդարանի Շէնքի Շրջափակին Մէջ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ շնորհիւ Քոլորատոյի հայ համայնքի ջանքերուն, Քոլորատոյի խորհրդարանի շէնքին շրջափակին մէջ պիտի հաստատուի «Հայկական այգի» մը, որուն մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար մը, որ արդէն իսկ հասած է Հայաստանէն:
Ֆրանսա
Ֆրանսայի «Հայաստան» Հիմնադրամին
Նոր Նպաստը Սուրիահայութեան
Հալէպի հայութիւնը եւ քեսապահայերը պահպանելու անոնց դպրոցները, համայնքային հիմնարկները եւ ընկերա-առողջապահական ենթակառոյցներու գոյատեւումը երաշխաւորելու համար անոնք կարիքը ունին օժանդակութեան:
Այդ նպատակին սատարելու համար, «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը 40 հազար եւրոյի նոր օժանդակութիւն մը կը յատկացնէ սուրիահայութեան: Ասիկա կու գայ աւելնալու այն 250 հազար եւրոյին վրայ, զոր Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով արդէն տրամադրած է այդ համայնքներուն:
Նշենք, որ «Ֆոնեթոն»-ի ծիրին մէջ, որ պիտի կազմակերպուի Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյի եւ Թուլուզի մէջ 19-23 նոյեմբերին, սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի: