Արիւն, Արեան Փոխներարկում Եւ Արեան Տուչութիւն
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արիւնը կարեւոր է մեր մարմնի աշխատանքին եւ գոյատեւման համար: Անիկա կը փոխադրէ թթուածին եւ սննդանիւթեր, որոնք կը սնուցանեն մարմնի բջիջները, ինչպէս նաեւ` այլ նիւթեր, որոնք կը պայքարին վարակներու դէմ: Չափահաս մը կ՛ունենայ 5-6 լիթր արիւն:
Արիւնը կազմուած է երկու բաժիններէ`
Ա. արիւնահեղուկ (plasma), որ կը կազմէ արեան 55 առ հարիւրը.
Բ. Երեք տեսակ բջիջներ`
ա. Կարմիր գնդիկներ-բջիջներ,
բ. Սպիտակ-ճերմակ գնդիկներ-բջիջներ,
գ. Թիթեղիկներ (platelets),
Այս երեք տեսակ բջիջները, որոնք կը կազմուին ոսկրածուծին մէջ, կը լողան ազատօրէն արիւնահեղուկին մէջ:
Կարմիր գնդիկները կը պարունակեն երկաթով հարուստ բնասպիտ մը` hemoglobin, որ կը փոխադրէ թթուածինը մարմնի բոլոր բջիջներուն:
Ճերմակ գնդիկները կը պաշտպանեն մարմինը ցպկամարմիններէ (bacteria) եւ ժահրերէ (viruses): Վարակի մը պարագային անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ կը պայքարին յարձակող ցպկամարմիններուն եւ ժահրերուն դէմ:
Թիթեղիկները աւելի պզտիկ են, քան կարմիր գնդիկները. անոնց պարտականութիւնն է արեան մէջ արիւնակոյտեր (blood clots) կազմել եւ արգելք հանդիսանալ արիւնահոսութեան:
Արիւնահեղուկը բնասպիտներով հարուստ դեղնորակ հեղուկ մըն է. այս բնասպիտներէն են` albumine-ը, immunoglobuline-ը եւ արիւնագունդ կազմողները: Մէկ կաթիլ արիւնը կը պարունակէ մօտաւորապէս 5 միլիոն կարմիր գնդիկներ:
Կան 30-է աւելի զանազան արեան խմբաւորումներու դասակարգումներ, որոնցմէ ամէնէն աւելի ընդհանրացածներն են`
- ABO դասակարգումը, որ ունի A, B, AB, եւ O խմբաւորումները.
- RH դասակարգումը, որ ունի Rh+ եւ Rh- խմբաւորումները.
1900-ին աւստրիացի գիտնական Karl Landstiener Քարլ նկարագրած է արեան ABO դասակարգումը` A, B եւ O խմբաւորումներով: Այս իրագործումին համար ան 1930-ին ստացած է Նոպէլեան մրցանակը բնախօսութեան մէջ: 1902-ին Decastrello եւ Sturli գտած են այս դասակարգումին չորրորդ խմբաւորումը` AB խմբաւորումը:
ABO դասակարգումը հիմնուած է կարմիր գնդիկներուն վրայ յատուկ հակածիներու (antigen) գոյութեան եւ կամ բացակայութեան: Այս հակածինները կրնան ըլլալ` բնասպիտներ (proteins), ածխաջրատներ (carbohydrates), շաքարաբնասպիտներ (glycoproteins) եւ շաքարաճարպեր (glycolipids): A, B եւ AB խմբաւորումները ունին իրենց կարմիր գնդիկներուն վրայ համապատասխան A, B եւ AB հակածիները: A եւ B հակածիներու բացակայութեան արեան խմբաւորումը կը կոչուի` O խմբաւորում: A խմբաւորումի արիւնահեղուկը կը պարունակէ IgM հակամարմինները (antibodies) B հակածինին դէմ: B խմբաւորումի արիւնահեղուկը կը պարունակէ IgM հակամարմինները A հակածինին դէմ: AB խմբաւորումի արիւնահեղուկը զերծ է հակամարմիններէ: O խմբաւորումի արիւնահեղուկը կը պարունակէ IgM հակամարմինները A եւ B հակածիներուն դէմ: IgM հակամարմինները կը զարգանան մեր կեանքի առաջին տարուան ընթացքին:
Ծինաբանականօրէն ABO խմբաւորումը կը ժառանգուի թիւ 9-ը chromosome-ի վրայ գտնուող յատուկ ծինով մը, որ կը կոչուի ABO ծին: Զաւակներու արեան ABO դասակարգումի խմբաւորումը կախեալ է ծնողներուն արեան խմբաւորումէն: Անոնք կը ժառանգեն իրենց ծնողներէն` համաձայն հետեւեալ տախտակին.
Հայր
__________________O______________A____________B_____________AB_____________
Մայր | } Զ | ||||
O | O | O,A | O,B | A, B | } Ա |
A | O,A | O,A | O,A,B,AB | A,B.AB | } Ւ |
B | O,B | O,A,B,AB | O,B | A,B,AB | } Ա |
AB | A,B | A,B,AB | A,B,AB | A,B,AB | } Կ |
Արեան ABO դասակարգումէն անկախ բժիշկ-գիտնականներ գտած են արեան երկրորդ դասակարգում մը, որ կը կոչուի Rhesus եւ կամ RH դասակարգում` համաձայն Rhesus հակածինի գոյութեան կարմիր գնդիկներուն վրայ: Այս հակածինին գոյութեան պարագային անհատը կ՛ունենայ Rh+ խմբաւորում, իսկ անոր բացակայութեան անհատը կ՛ունենայ Rh- խմբաւորում:
Հիմնականօրէն մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ունենայ հետեւեալ արեան 8 խմբաւորումներէն մէկը`
ARh+ , ARh- , BRh+ , BRh- , ABRh+ , ABRh- , ORh+ եւ RhO- :
Տեսնուած է որ աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 37 առ հարիւրը ունին O+ արիւն, 34 առ հարիւրը A+ արիւն, 10 առ հարիւրը B+ արիւն, 4 առ հարիւրը AB+ արիւն, 6 առ հարիւրը O- արիւն, 6 առ հարիւրը A- արիւն, 2 առ հարիւրը B- արիւն եւ 1 առ հարիւրը AB- արիւն:
Rh+ անձեր իրենց արիւնահեղուկին մէջ հակամարմիններ կը զարգացնեն Rh հակածինին դէմ, իսկ RH- անձեր իրենց արիւնահեղուկին մէջ հակամարմիններ չեն զարգացներ RH հակածինին դէմ:
Զաւակներու արեան Rh դասակարգումի խմբաւորումը դարձեալ կախեալ է ծնողներու արեան Rh խմբաւորումէն: Անոնք կը ժառանգեն իրենց ծնողներէն` համաձայն հետեւեալ տախտակին.
Մայր
Rh+ Rh-
________________________________________________________________________
Rh+, Rh- Rh+, Rh-
Rh+
Հայր Զաւակներ Զաւակներ
Rh- Rh+, Rh- Rh-
Արեան փոխներարկում (blood transfusion) ըսելով` կը հասկնանք հիւանդին ներարկել արիւն իր ամբողջութեանը մէջ եւ կամ` արիւնէն որոշ բաժիններ: Ամէնէն շատ փոխներարկուածներն են նախ կարմիր գնդիկները, ապա` թիթեղիկները եւ արիւնահեղուկը:
Կարմիր գնդիկներու փոխներարկումը կը կատարուի, երբ անհատ մը մեծ քանակութեամբ արիւն կորսնցնէ արկածով եւ կամ վիրաբուժական գործողութեան ընթացքին: Փոխներարկումը կը տեւէ 2-4 ժամ: Նուիրատուին կարմիր գնդիկները կարելի է պահել 42 օր սառնարանի մէջ, 1-6 սանթիկրատ ջերմաստիճանով:
Ճերմակ գնդիկներու փոխներարկումը կը կատարուի շատ քիչ պարագաներու: Նուիրատուին ճերմակ գնդիկները կրնան պահուիլ 24 ժամ 20-24 սանթիկրատ ջերմաստիճանով:
Թիթեղիկները կը փոխներարկուին, երբ անհատ մը մեծ քանակութեամբ արիւն կորսնցնէ եւ կամ անոր թիթեղիկները բնականօրէն չեն գործեր եւ կամ նուազած են: Փոխներարկումը կը տեւէ 0.5-2 ժամ: Նուիրատուին թիթեղիկները կը պահուին 5 օր, 20-24 սանթիկրատ ջերմաստիճանով:
Արիւնահեղուկի փոխներարկումը կը տեւէ 1-2 ժամ: Նուիրատուին արիւնահեղուկը կը պահուի մէկ տարի, սառած վիճակով:
450 մլ արեան փոխներարկումը կը կատարուի 4 ժամուան ընթացքին եւ ամբողջ տեւողութեան պէտք է հսկել հիւանդին ջերմութեան, զարկերակային ճնշումին, սրտի զարկին եւ շնչառութեան:
Արեան փոխներարկում տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով`
- Արեան ներարկումը անձէ մը այլ անձի մը (heterologus).
- Անձէ մը նոյնինքն անձին, այսինքն` ինքնափոխներարկում (homologus). այս մէկը կարելի է` հիւանդին արիւնը հաւաքելով վիրաբուժական գործողութենէն մի քանի շաբաթներ առաջ եւ կամ գործողութեան ընթացքին եւ ապա հիւանդին փոխներարկել իրմէ հաւաքուած արիւնը:
Արեան փոխներարկումի ընդհանրացած ձեւը առաջինն է: Անձ մը կամաւոր իր արիւնը կը պարգեւէ այլ անձի մը. ան կ՛ըլլայ նուիրատու եւ կը կոչուի` տուող (donor) իսկ իր արարքը կը կոչուի` տուչութիւն (donation):
Նուիրատուն իր այս արարքով կը փրկէ հիւանդի մը կեանքը:
Արեան փոխներարկումը ապահով եւ ընդհանրապէս անվտանգ միջոցառում մըն է: Անիկա կը կատարուի զանազան կացութիւններու մէջ եւ յաճախ կը դառնայ միակ միջոցը` փրկելու համար հիւանդի մը կեանքը:
Արեան փոխներարկումը կը կատարուի հիւանդին համամտութեամբ եւ որոշումով, բացի` շտապ պարագաներուն, երբ հիւանդը անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուի:
Արեան տուչութիւն չեն կրնար ընել յղի կիները, ինչպէս նաեւ` այն անհատները որոնք կը տառապին հետեւեալ հիւանդութիւններէ` խլիրդ, լեարդաբորբ (hepatitis), շնչարգելութիւն, սրտի հիւանդութիւն, սակաւարիւնութիւն (anemia), մալարիա, զարկերակային գերճնշում եւ AIDS:
Նուիրատուներու արեան հաւաքման աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ ձեւով.
Ա. Արեան նուիրատուն կը ներկայանայ արեան հաւաքման կեդրոն մը, ուր կը տարուին հետեւեալ աշխատանքները.
ա. Նուիրատուն կը պատասխանէ բժշկական հարցարանի մը, որուն միջոցով կը յայտնուի անոր առողջական վիճակը եւ յղի չըլլալը:
բ. Նուիրատուն կ՛ենթարկուի բժշկական ընդհանուր քննութեան, կը ճշդուին` անոր առողջական ընդհանուր վիճակը, անոր զարկերակային ճնշումը, սրտի զարկը եւ ջերմաստիճանը:
գ. Արեան քննութեամբ կը ճշդուին` անոր արեան կարմիր գնդիկներուն եւ արիւնասպիտակուցին չափը, արեան խմբաւորումը եւ որոշ վարակներէ զերծ ըլլալը:
Նուիրատուն հիմնականօրէն պէտք է ըլլայ առողջ, չունենայ` տռփախտ (syphilis), սակաւարիւնութիւն, սրտի հիւանդութիւն, յղութիւն, AIDS, մալարիա, յառաջացած եւ ծաւալուն խլիրդ, արեան հիւանդութիւններ եւ լեարդաբորբ:
Դրական արդիւնքներու գոյութեան պարագային նուիրատուէն կը հաւաքուի 450 մլ արիւն, որ կը պահուի սառնարաններու մէջ ամբողջական վիճակով եւ կամ` կարմիր գնդիկներն ու թիթեղիկները առանձնաբար:
Նուիրատուին արիւնը հաւաքելէ ետք, արեան փոխներարկումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
- Կը քննուի նուիրատուին արիւնը եւ ստացողին արիւնը գիտնալու համար երկուքին արեան խմբաւորումը` ABO եւ Rh դասակարգումով, այսինքն` A, B, AB, O եւ Rh- եւ կամ Rh+ խմբաւորումները:
- Կը կատարուին հետեւեալ քննութիւնները` գիտնալու համար`
ա. Ստացողին կարմիր գնդիկներու A, B, AB եւ Rh հակածիներու գոյութիւնը.
բ. Ստացողին արիւնահեղուկին մէջ որոշ կարմիր գնդիկներուն դէմ հակամարմիններու գոյութիւնը.
գ. Ստացողին արիւնահեղուկի եւ նուիրատուին կարմիր գնդիկներու հակածիներուն միջեւ համատեղելիութեան (compatibility) գոյութիւնը.
- Համատեղելիութեան պարագային, կը կատարուի փոխներարկումը, այսինքն նուիրատուին արիւնը կը ներարկուի հիւանդին:
Համատեղելիութեան քննութեան ընթացքին արիւն ստացող անհատին արիւնահեղուկը կը խառնուի արիւն տուողի կարմիր գնդիկներուն հետ: Կարմիր գնդիկներու կուտակումը (agglutination, clumping) կը փաստէ անհամատեղելիութիւնը եւ, ուրեմն, նուիրատուին արիւնը կարելի չէ փոխներարկել հիւանդ-ստացողին:
Կարմիր գնդիկներու համատեղելիութիւնը կը տեսնուի արեան ABO հետեւեալ խմբաւորումներու միջեւ`
AB խմբաւորումով ստացողի եւ O, A, B, AB խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
B խմբաւորումով ստացողի եւ O, B խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
A խմբաւորումով ստացողի եւ O, A խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
O խմբաւորումով ստացողի եւ O խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
Ընդհանրապէս նուիրատուն եւ ստացողը ունենալու են նոյն խմբաւորումը, սակայն շտապ պարագաներու, երբ կարելի չ՛ըլլար կատարել արեան խմբաւորումի քննութիւնը, հիւանդին կը փոխներարկուի ORh- խտացուած կարմիր գնդիկներ, բայց` ոչ ORh- արիւն:
Rh- անձեր կը կոչուին համայնական տուող-նուիրատուներ (universal donors).
Rh+ անձեր կը կոչուին համայնական ստացողներ (universal recipients).
Rh+ անձ մը կրնայ արիւն տալ Rh+ անձի մը.
Rh+ անձ մը չի կրնար արիւն տալ Rh- անձի մը.
Rh- անձ մը կրնայ արիւն տալ Rh- անձի մը.
Rh- արիւն ունեցող հիւանդը ստանալու է Rh- նուիրատու արիւն, բացի շտապ պարագաներէն եւ Rh- արեան բացակայութեան.
Rh+ արիւն ունեցող հիւանդը ստանալու է Rh+ եւ կամ Rh- նուիրատու արիւն:
Rh- հիւանդ մը, որ բնաւ հակամարմիններ չունի իր արիւնահեղուկին մէջ, կրնայ ստանալ առաջին անգամ Rh+ արիւն ընդհանրապէս անվտանգ, սակայն ան իր արեան մէջ կը զարգացնէ հակամարմիններ Rh հակածիներուն դէմ. երբ ան երկրորդ անգամ Rh+ արիւն ստանայ, կ՛ունենայ փոխներարկումի հակադարձութիւն, այսինքն` արիւնալուծում (hemolysis): Հետեւաբար Rh- յղի կիներ բնաւ պէտք չէ ստանան Rh+ արեան փոխներարկում: Անոնք ստանալու են միայն Rh- արեան փոխներարկում:
Rh- յղի կին մը, որուն ամուսինը Rh+ է, կրնայ ունենալ Rh+ եւ կամ Rh- սաղմ. առաջին յղութեան այս կինը իր Rh+ սաղմին հետ ընդհանրապէս կը գոյակցի բնականօրէն եւ իր արիւնահեղուկին մէջ կը զարգացնէ հակամարմիններ սաղմի Rh+ հակածիներուն դէմ: Յաջորդ յղութեան երբ սաղմը Rh+ ըլլայ, այս Rh- յղի կնկան Rh+ հակամարմինները կը վնասեն Rh+ սաղմին եւ կը յառաջացնեն արիւնալուծում:
Rh- յղի կիներ եւ անձեր բնաւ ստանալու չեն RH+ արիւն, այլ ընդհակառակը, ստանալու են միայն Rh- արիւն:
Ապահով արեան փոխներարկում կը կատարուի հետեւեալ տախտակներու համաձայն.
Հիւանդին խմբաւորում | Նուիրատուի խմբաւորում | |
O+ | կրնայ ստանալ | O+ , O- |
A+ | կրնայ ստանալ | O+ , A+ , O- , A- |
B+ | կրնայ ստանալ | O+ , B+ , O- , B- |
AB+ | կրնայ ստանալ | O+ , A+ , B+ , AB+ , O- , A- , B- , AB- |
A- | կրնայ ստանալ | O- , A- |
B- | կրնայ ստանալ | O- , B- |
AB- | կրնայ ստանալ | O- , A- , B- , AB- |
O- | կրնայ ստանալ | O- |
Նուիրատու խմբաւորում | Հիւանդի խմբաւորում | |
O+ | կրնայ տալ | O+ , A+ , B+ , AB+ |
A+ | կրնայ տալ | A+ , AB+ |
B+ | կրնայ տալ | B+ , AB+ |
AB+ | կրնայ տալ | AB+ |
A- | կրնայ տալ | A+ , AB+ , A- , AB- |
B- | կրնայ տալ | B+ , AB+ , B- , AB- |
AB- | կրնայ տալ | AB+ , AB- |
O- | կրնայ տալ | O+, A+, B+, AB+, O-. A-, B-, AB |
Ապահով արիւնահեղուկի փոխներարկում կը կատարուի հետեւեալ տախտակի համաձայն.
Հիւանդի խմբաւորում | Նուիրատուի խմբաւորում | |
O | կրնայ ստանալ | O, A, B, AB |
A | կրնայ ստանալ | A, AB |
B | կրնայ ստանալ | B, AB |
AB | կրնայ ստանալ | AB |
Փոխներարկումի ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`
- Գերզգայնութեան պարզ նշաններ` քերուըտուք եւ մորթի կարմրութիւն.
- Ջերմ եւ դող.
- Գլխացաւ եւ քրտինք.
- Հակամարմիններու յայտնաբերում եւ կարմիր գնդիկներու փճացում.
- Շնչառական դժուարութիւն.
- Սուր արիւնալուծային (hemolysis) հակազդեցութիւն, ինչպէս նաեւ երիկամներու աշխատանքի վատթարացում եւ ծայրագոյն պարագաներուն` մահ: Անհամատեղելիութեան պարագային փոխներարկումը կը կասեցուի շուտով եւ կ՛ուսումնասիրուին անհամատեղելիութեան պատճառները:
Արեան համատեղելիութեան քննութիւնը արիւն ստացողի եւ տուողի միջեւ խիստ կարեւոր է հեռու մնալու համար վերոյիշեալ բարդութիւններէն:
Մեծ քանակութեամբ արեան փոխներարկումը մէկ օրուան ընթացքին կը յառաջացնէ որոշ հիւանդագին եւ անհաճոյ երեւոյթներ` զարկերակային ճնշումի նուազում, ենթաջերմութիւն եւ կիրի նուազում:
Շնորհիւ բժշկական աչալուրջ հսկողութեան եւ մանրակրկիտ քննութեան որդեգրումին` AIDS-ի եւ լեարդաբորբի պատահականութիւնը շատ հազուադէպ են արեան փոխներարկումէ ետք:
Մոնրէալ