Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ո՞ւր Պահուըտած Են Մանրէները» Նիւթով

DSC04461Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ո՞ւր պահուըտած են մանրէները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ մանրէները մեր շուրջն են, բայց կարելի չէ զանոնք պարզ աչքով տեսնել: Ահա 17-րդ դարուն հոլանտացի գիտնական մը իր շինած մանրադիտակին միջոցով, առաջին անգամ տեսաւ մանրէն, իսկ յաջորդ դարերուն գիտնականներ կարելիութիւնը ունեցան աւելի կատարելագործուած մանրադիտակներով մանրամասն զննելու եւ սերտելու անոնց ազդեցութիւնը մարդոց վրայ:

Վերժին ՍարաՖեան-Խորշիտեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով եւ բացատրելով, թէ ի՞նչ է մանրէն: Մանրէն ապրող բջիջ մըն է, չափազանց մանր, կարելի չէ տեսնել զայն մեր աչքերով եւ կը գտնուի ամէն տեղ: Մանրէները միշտ վերարտադրուելու, բազմանալու եւ սնանելու վիճակի մէջ են: Մանրէները 6 տեսակի են:

Հետաքրքրական է նշել, որ բոլոր մանրէները վնասակար չեն, այլ կան զանազան մանրէներ, որոնք ոչ վնասակար ու անհրաժեշտ են տարբեր միջավայրերու մէջ:

Մանրէն կրնայ պատճառել տարբեր հիւանդութիւններ` արտադրելով թոյն: Անոնք կը յառաջացնեն տաքութիւն, գլխացաւ, փսխունք, փորհարութիւն:

Մանրէն կը սնանի տարբեր ձեւերով, ինչպէս` արեւու ճառագայթներէն, բոյսերէ, իրենց շրջապատը գտնուող ամէն տեսակի բան ուտելով, ինչպէս նաեւ կրնան յարձակիլ այլ ապրող բջիջներու վրայ:

Երկրորդ բաժինով դասախօսը մանրամասնօրէն բացատրութիւններով ու օրինակներով ներկայացուց, թէ ո՞ւր կը գտնուին կամ պահուըտած են մանրէները:

Մանրէները կը գտնուին ամէն տեղ, եթէ նկատի ունենանք խոհանոցը, ինչպէս` խոհանոցի լուացարանին, սպունգին, աման լուալիք տաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ բռնիչներու վրայ, սառնարանին դրան վրայ եւ այլն: Իսկ ննջասենեակի պարագային, բարձերուն մէջ, սաւաններուն վրայ:

Մանրէները բաւական շատ տարածուած են բաղնիքի տարբեր տեղերը, ինչպէս` բաղնիքի աթոռին վրայ, լոգանքի վարագոյրին մէջ, բաղնիքի գորգին վրայ, լուացքի կողովին մէջ եւ լոգանքի ու ձեռքի անձեռոցներուն վրայ:

Դասախօսը նշեց նաեւ այլ տեղեր, ինչպէս` շպարումի դէմքի վրձիններու, աչքի լենսերու, ականջի մեքենաներու, բանալիներու, պայուսակներու, հեռախօսի ընկալուչներու, պատկերասփիւռի հեռավարի, բջիջային հեռախօսի կոճակներու վրայ եւ այլ զանազան տեղեր:

Մանրէներէն կարելի չէ խուսափիլ, բայց նախազգուշական տարբեր ձեւեր կարելի է օգտագործել նուազեցնելու վարակումները. յանձնարարելի է պայուսակի մէջ ունենալ հեղուկ օճառ կամ հականեխուած թաց թաշկինակներ, իսկ տան մէջ եղած պարագային տեւաբար ձեռքերը լուալ:

Աւարտին Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )