Տաւութօղլու. «Ներքին Խաղաղութեան Հոլովոյթը Յաջողցնելու Գծով Անհրաժեշտ Եղած Քայլերը Պիտի Որդեգրենք»

1118_DavutogluԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը ներքին խաղաղութեան հոլովոյթը շարունակելուն վրայ կը պնդէ եւ առանց տատամսելու պիտի որդեգրէ այն բոլոր քայլերը, որոնք այդ հոլովոյթը կը յաջողցնեն:

Տաւութօղլու շեշտեց, որ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ հաստատելու համար մնայուն կայունութիւն, որ հիմնուած է փոխադարձ հասկացողութեան վրայ, «ինչ որ ալ պատահի»:

Ան զգուշացուց խաղաղութեան հոլովոյթը իբրեւ Թուրքիոյ մէջ հասարակական կարգը խանգարելու պատրուակ օգտագործելէն կամ «ոմանց կողմէ Անատոլուի արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը բնակող քիւրտ քաղաքացիները խաղաղութեան հոլովոյթը ձախողցնելու համար օգտագործումէն»:

Share this Article
CATEGORIES