«Մեծ Տէրութեանց Հետ Կարելի Է Համաձայնութեան Հասնիլ, Եթէ Պահանջները Չափազանցուած Չըլլան» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Վիեննայի մէջ յայտարարեց, որ կարելի է Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ պատմական համաձայնութեան մը հասնիլ, եթէ մեծ տէրութիւնները «չափազանցուած պահանջներ» չներկայացնեն:

Զարիֆ ըսաւ. «Եթէ ժողովուրդին շահերը ներառող լուծումի մը հասնինք, համաձայնութիւն պիտի գոյացնենք, իսկ եթէ հակառակորդ կողմէն չափազանցուած պահանջներ ներկայացուին, ապա որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնինք, եւ աշխարհը պիտի գիտնայ, որ Իսլամական հանրապետութիւնը ջանաց լուծումի ու շինիչ փոխզիջումի հասնիլ, եւ թէ իր իրաւունքներէն եւ ազգի մեծութենէն պիտի չհրաժարի»:

 

Share this Article
CATEGORIES