Սէուտ Ֆայսալ Մոսկուա Պիտի Այցելէ

1119_faysalՌուսական արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ վաղը` ուրբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր պիտի տեսակցի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան սուրիական տագնապի լուծման ճիգերուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութեանց եւ միջազգային շուկային մէջ քարիւղի սակագիներուն վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES