Էրտողան Կը Քննադատէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարելու Կոչուած Միջազգային Դաշինքը

Էրտողան

Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ թրքական օդակայանի մը մէջ իր կատարած յայտարարութեամբ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքը, որ կոչուած է դիմակալելու եւ խափանելու ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումները:

Էրտողան յայտնեց, որ նշեալ դաշինքը գործնական ոչ մէկ քայլ կատարած է զինելու եւ մարզելու համար Սուրիոյ ընդդիմադիր չափաւորական ուժերը: Ան շեշտեց սուրիական վարչակարգի տապալումը նպատակակէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ իրաքեան հողերու քառասուն առ հարիւր տարածութիւնը ուղղակի գրաւման տակ է: Էրտողան վերահաստատեց գործնական քայլերու դիմելու իր նախկին առաջարկները` սկսելով ապահովական գօտիի հաստատումէն «այլապէս` թրքական կեցուածքը պիտի չփոխուի առ այժմ»:

Share this Article
CATEGORIES