Քի Մուն. «Աւելի Քան 15 Հազար Օտար Զինեալներ Կը Կռուին Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ

Պան Քի Մուն
«Ութսուն երկիրներէ ժամանած աւելի քան 15 հազար օտար զինեալներ կը կռուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ», յայտարարեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատկացուած ՄԱԿ-ի ժողովին ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց որդեգրելու անհրաժեշտ միջոցառումները` արգիլելու համար ահաբեկչական կազմակերպութեանց ֆինանսաւորումը:
CATEGORIES Միջազգային

