Անկայունութեան Ամիսներով Շարունակման Մտավախութեան Լոյսին Տակ. Երուսաղէմի Մէջ Բախումները Կը Սաստկանան

Իցհաք Ահրոնովիչ

Իցհաք Ահրոնովիչ

Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսաուիէ աւանին մէջ վառելանիւթի կայան մը թիրախ դարձաւ պաղեստինցի երիտասարդներու յարձակումին եւ ահաւոր հրդեհ ծագեցաւ կայանին մէջ:

Նախքան այդ, բախումները շարունակուեցան երէկ Երուսաղէմի զանազան շրջաններուն մէջ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացի զինուորներուն միջեւ, որոնք ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին յատկապէս իսրայէլեան կրթական հաստատութիւններուն շուրջ:

Այս դէպքերուն լոյսին տակ Իսրայէլի ներքին ապահովութեան նախարար Իցհաք Ահրոնովիչ երէկ յայտարարեց, որ Երուսաղէմի մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու ճիգերը ամիսներու կը կարօտին: «Ներկայիս կ՛ապրինք պայքարի մը մէջ, զոր կարելի չէ վճռել մէկ հարուածով, այլ` ամիսներու կը կարօտինք», ընդգծեց ան:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ արտակարգ վիճակի դրութիւնը շեշտուած է Երուսաղէմի մէջ` տիրող լարուածութեան լոյսին տակ:

Share this Article
CATEGORIES