Ֆրանսա Կը Մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կատարուող Յարձակումին` Քերքուքի Մէջ

Ֆրանսական «Ռաֆալ» տիպի օդանաւեր

Ֆրանսական «Ռաֆալ» տիպի օդանաւեր

«Ռաֆալ» տիպի ֆրանսական երկու օդանաւեր մաս կազմած են միջազգային դաշինքի շղթայազերծած յարձակումներուն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` Քերքուքի մէջ:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ֆրանսական «Միրաժ» տիպի վեց օդանաւեր պիտի տեղակայուին Յորդանանի մէջ` մասնակցելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի յարձակումներուն:

Այս գծով ցարդ ոչ մէկ արձագանգ կայ Յորդանանի պատկան մարմիններուն կողմէ:

Հազար Ֆրանսացիներ Կը Կռուին
ՏԱՀԵՇ-ի Կողքին

Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսի վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ հազար ֆրանսացի քաղաքացիներ կը կռուին Իսլամական պետութեան կողքին: Ըստ նոյն աղբիւրին, ցարդ յիսուն ֆրանսացի ժիհատական զինեալներ սպաննուած են Սուրիոյ մէվ` անոնց ՏԱՀԵՇ-ի կողքին կռուելու սկսելէն ի վեր:

Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի ցուցադրած նորագոյն տեսերիզին մէջ կարելի եղած է ստուգել երկու ֆրանսացի ժիհատականներու ինքնութիւնը, ըստ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յայտարարութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES