Թուրքիոյ Վարչապետին Իրաք Այցելութեան Նախօրեակին. Մասուտ Պարազանի Կը Քննադատէ Միջազգային Դաշինքը

1119_nor-erbilԻրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարազանի երէկ բուռն կերպով քննադատեց միջազգային դաշինքը, որ «պէտք եղած ձեւով չի հակազդեր ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն: Պարազանի այսօր պիտի տեսակցի Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Իրաք պիտի ժամանէ:

Խորհրդակցութիւնները պիտի ընդգրկեն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տիրող լարուած վիճակը, յատկապէս Էրպիլի եւ Քերքուքի մէջ երէկ` չորեքշաբթի պատահած ահաբեկչական պայթումներուն լոյսին տակ:

Զօրաւոր Պայթում Մը Ցնցեց Էրպիլը

Մէկ տարուան կայունութենէ ետք զօրաւոր պայթում մը երէկ կանուխ առաւօտուն ցնցեց Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներ:

Էրպիլի նահանգապետարանին կից գտնուող շուկային մէջ անձնասպանական գործողութեամբ կատարուած ահաբեկումին գծով պատասխանատուութիւնը ցարդ որեւէ կազմակերպութիւն չստանձնեց: Գերմանիա խոստացաւ 4000 զինեալներու բաւարար զինամթերք ուղարկել քիւրտ փեշմերկաներուն:

Share this Article
CATEGORIES